«Լուլու» ձիւնամրրիկը երեքշաբթի գիշեր սկսաւ հարուածել Լիբանանը: Ան պատճառեց նիւթական վնասներ` տրուած ըլլալով, որ անոր ընկերակցած էին ուժեղ քամի, յորդառատ անձրեւներ, եւ առատ ձիւն` բարձունքներուն վրայ:
Երկրին հիմնական ճամբաները ողողուեցան անձրեւներու եւ կոյուղիներու ջուրով, ինչ որ սաստիկ երթեւեկի խճողում պատճառեց Խալտէի, օդակայանի ճամբուն, Տըպպայէի, Տորայի եւ Ճիւնիի մէջ:
Հինգշաբթի օր ծովու մակերեսէն 1400 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւն տեղաց:
Պէյրութի մէջ ալիքներու բարձրացումը պատճառ դարձաւ, որ Այն Մրեյսէի մէջ ծովը Քորնիշէն բաժնող պատնէշներէն մաս մը փլի:
Ժընահի Սան Սիմոն շրջանին մէջ յորդառատ անձրեւները եւ ալիքներու բարձրացումը պատճառ դարձան, որ տուները ողողուին ջուրով:
Գիշերուան ընթացքին տեղացած յորդառատ անձրեւները պատճառ դարձան Հիւսիսի, Հարաւի եւ Պեքաայի շրջաններուն մէջ բազմաթիւ ճամբաներու քայքայման:
Փակուեցաւ հիւսիսային Լիբանանի Համաթի ճամբան` գիշերային ժամերուն տեղացած յորդառատ անձրեւներուն պատճառած ժայռերու եւ հողի սահանքներուն հետեւանքով:
Թրիփոլիի, Սուրի եւ Սայտայի մէջ դադրեցաւ ձկնորսներու աշխատանքը:
Թրիփոլիի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու 2019-ի վերջին խմբակի տունդարձը յետաձգուեցաւ` իբրեւ հետեւանք ճամբաներու կացութեան, օդային պայմաններուն եւ ողողումներուն, որոնք արգելք հանդիսացան սուրիական փոխադրամիջոցներու նախարարութեան ուղարկած փոխադրակառքերուն Թրիփոլի հասնելուն:
Սուրի մէջ «Լուլու»-ն քանդեց վրանները, գիւղատնտեսական տարածքները, ինչպէս նաեւ պանանի եւ լեմոնի պարտէզները:
Երէկ առաւօտեան Սայտայի մէջ շտապ օգնութեան եւ քաղաքապետութեան խումբերը վերաբացին ծովային ճամբան, որ մասամբ փակուած էր ալիքներուն յառաջացուցած աւազին եւ մեծ խճաքարերուն պատճառով: Քաղաքապետութեան ոստիկանութիւնը եւ հրշէջները ճամբան փակած էին կէս գիշերին եւ փոխած երթեւեկի ուղղութիւնը: Նոյն ատեն խումբերը կը մաքրէին ծովային ճամբան:
Երէկ Սոտեքոյի մէջ յորդառատ անձրեւներուն պատճառած հեղեղներուն եւ սահանքներուն հետեւանքով Լիբանանի հրէական համայնքի գերեզմանատունէն մաս մը փուլ եկաւ, այդ պատճառով ալ մահացածներու կարգ մը դամբարաններ եւ աճիւններ յայտնուեցան ճամբուն վրայ:
Քաղաքացիական ապահովութեան ծառայութիւնը շրջաններու բնակիչներուն յանձնարարեց չմօտենալ գետերու ափերուն եւ այն վայրերուն, ուր ջուրեր հաւաքուած են` նախազգուշացնելով հեղեղներէ:
Օդերեւութաբանական ծառայութիւնը յայտնեց, որ Հիւսիսի մէջ տեղացած անձրեւուն քանակը կը հասնի 70 միլլիմեթրի, իսկ Հարաւի մէջ` աւելի քան 130 միլլիմեթրի:
Արկածներու վերահսկողութեան գրասենեակը տեղեկացուց, որ նախորդ օրուան ընթացքին 12 ինքնաշարժի արկածներ պատճառ դարձած են 6 զոհերու եւ 15 վիրաւորներու:
Օդերեւութաբանական ծառայութիւնը յայտարարեց, որ օդը պիտի մնայ ամպոտ, եւ պիտի շարունակուին յորդառատ անձրեւները, որոնց պիտի ընկերակցին որոտումներ, ուժեղ քամի եւ ջերմաստիճանի նուազում: