ՇԱՐՊԵԼ. «ՍՈՒՐԻՈՅ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՈՒՄՈՎ ՊԷՏՔ Է ՄԻՋԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՅԱՑՆԵԼ»
By adminx - Tue Jan 03, 7:45 am
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ լիբանանեան պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց միջլիբանանեան փոխըմբռնում գոյացնելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումներուն առումով:
Շարպել ընդգծեց, որ միջլիբանանեան երկխօսութիւն պէտք է կատարել հանրապետութեան նախագահին հովանաւորութեամբ` առաջնահերթութիւն դարձնելով ապահովական եւ ռազմավարական ներկայ պայմանները:
Մարուան Շարպել կոչ ուղղեց, որ ներկայիս Հըզպալլայի զէնքի հարցին քննարկումը մէկդի դրուի եւ կարելի ըլլայ անոր վերադառնալ յառաջիկայ հանգրուանին: Ան դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ զարգացումները Լիբանանի վրայ ազդեն կամ ոչ, լիբանանցիները իրարու միջեւ պէտք է գոյացնեն համաձայնութիւն մը, որուն հիման վրայ կարելի ըլլայ պահպանել երկրին ապահովական անվտանգութիւնը:
Ներքին գործոց նախարարը հաստատեց, որ երկրին սպառնացող ապահովական վտանգը լիբանանեան ներքին հիւսուածքը թիրախ չի դարձներ` աւելցնելով, որ լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը հարուածել փորձող բոլոր կողմերը պիտի ձախողին:
Մարուան Շարպել դիտել տուաւ նաեւ, որ անհրաժեշտ է Սուրիոյ հետ սահմանները անպայման պաշտպանել` արգիլելու համար մաքսանենգումը եւ պահպանելու համար ապահովութիւնը:
Անդրադառնալով վերջերս Լիբանանի մէջ հետզհետէ յաճախակիացող աւազակութեան դէպքերուն`, Շարպել նշեց, որ այդ մէկը լիբանանեան պետութեան տկարանալուն հետ կապ չունի, այլեւ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած միջադէպերուն իբրեւ հետեւանք Լիբանանի մէջ ապաստանող օտարներուն պատճառով աւելի եւս կը սաստկանայ: Այս ծիրին մէջ Շարպել շեշտեց, որ աւազակութեան յանցանքով ներքին ապահովութեան ուժերը ձերբակալած են աւելին քան 11 յանցագործներ:






