Tuesday May 21, 2013

«ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐԸ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔՆԵՐԷՆ ՀԵՌԱՑՈՒԱԾ ԵՆ, ՍԱԿԱՅՆ ՏԱԿԱՒԻՆ ԱՐՁԱԿԱԶԷՆՆԵՐ ԿԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ՆԵՊԻԼ ԱՐԱՊԻ

By adminx - Tue Jan 03, 7:37 am

Նեպիլ Արապի

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի Սուրիոյ մէջ արաբ դէտերու առաքելութեան նուիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ արաբ դէտերու առաքելութեան նպատակը սուրիացի քաղաքայիններուն պաշտպանութիւնը ապահովելն է: Ան վստահեցուց, որ դէտերու այցելութեան ընթացքին զինուորական երեւոյթները սուրիական քաղաքներէն հեռացուած են, սակայն տակաւին արձակազէններ կան` աւելցնելով, որ դէտերը յաջողած են  ժողովուրդին սննդեղէնի օժանդակութիւն հասցնել:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը պահանջեց անմիջապէս ազատ արձակել սուրիական բանտերուն մէջ արգելափակուածները` յայտարարելով, որ «կ՛ուզենք, որ ընդդիմութիւնը մեզի սուրիական բանտերուն մէջ արգելափակուածներու անուններ տրամադրէ»:

Արապի նշեց, որ Արաբական լիկայի նախարարաց խորհուրդը արաբ դէտերու զեկուցումը պիտի քննարկէ եւ անոր շուրջ իր գնահատականը տայ:

Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը իր կարգին «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ արաբ դէտերու առաքելութեան զեկուցումին շուրջ մեկնաբանութիւն կատարելու համար տակաւին կանուխ է:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement