Sunday May 19, 2013

ԻՐԱՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՓՈՐՁԱՐԿԱԾ Է ՀԵՌԱՀԱՍ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ՀԱՍՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՀՐԹԻՌՆԵՐ

By adminx - Tue Jan 03, 7:35 am

Իրանեան հեռահաս «Քատեր» հրթիռը

ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Իրանի ծովուժը երէկ յաջողութեամբ փորձարկած է հեռահաս «Քատեր» հրթիռը, որ ստեղծուած է իրանցի մասնագէտներու կողմէ: Հրթիռը յաջողութեամբ հարուածած է իր թիրախն ու ոչնչացուցած զայն:

«Քատեր» հականաւային հրթիռը ի զօրու է երկու հարիւր քիլոմեթր հեռաւորութենէն մխրճուիլ թիրախին մէջ: Իրանցիները նաեւ փորձարկեցին հականաւային «Նասըր» եւ ցամաքէ ցամաք «Նուր» հրթիռը:

Կիրակի օր իրանեան ծովուժը Հորմուզի նեղուցին մէջ կատարած իր ռազմափորձերուն ընթացքին փորձարկած էր ցամաք-օդ միջին հասողութեան «Մեհրապ» հրթիռը:

Իրանեան ծովուժի նաւարտորմիղի հրամանատար ծովակալ Մահմուտ Մուսաւի յայտնած էր, որ այդ տիպի հրթիռները համալրուած են նորագոյն ճարտարագիտութեամբ եւ կարողութիւն ունին հարուածելու քիչ տեսանելի եւ խուսանաւող թիրախներ:

Ծովակալը նաեւ նշած էր, որ Իրան առաջին անգամ ըլլալով փորձարկեց հրթիռը, որ ամբողջովին նախագծուած եւ արտադրուած է իրանեան զինուորական արտադրութեան կողմէ:

Նշենք, որ 24 դեկտեմբերին սկսած «Վիլայէթ-90» ռազմափորձերուն հիմնական հանգրուանը սկսած էր շաբաթ օր:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement