ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆԸ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ԹԵՄԻՆ, ԻՍԿ ՊԱՐԹԵՒ ՎՐԴ. ԿԻՒԼԻՒՄԵԱՆԸ` ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԵՍՈՒՉ ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԱՅԻ
By adminx - Tue Jan 03, 7:30 am
Արամ Ա. կաթողիկոս հայրապետական գիրով Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանը նշանակեց Ատրպատականի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ իսկ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանը` Վենեզուելայի հայոց հոգեւոր տեսուչ:
Հայր Գրիգորը ծնած է Պէյրութ, 1969-ին, աբեղայ ձեռնադրուած է 1990-ին եւ իր հոգեւոր ծառայութեան անցնող տարիներուն եղած է վեհափառի գաւազանակիր, դպրեվանքի ուսուցիչ ու տեսուչ, ՀԱՍԿ-ի խմբագիր, Արեւմտեան թեմին մէջ քրիստոնէական դաստիարակութեան պատասխանատու, ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուութեան բաժանմունքի վարիչ ու «Թռչնոց բոյն»ի հոգեւոր տեսուչ: Հայր սուրբը նաեւ ունի առաւելաբար բարոյագիտական բնոյթ ունեցող հատորներ ու յօդուածներ:
Հայր Պարթեւը ծնած է 1976-ին, Հալէպ, աբեղայ ձեռնադրուած է 1995-ին: Եղած է դպրեվանքի հսկիչ ու ապա տեսուչ, «Շնորհալի» Երգչախումբի խմբավար, դպրապետ Մայր տաճարի, Արեւմտեան թեմին մէջ` քրիստոնէական դաստիարակութեան պատասխանատու: Հրատարակած է ծիսական հատորներ եւ յօդուածներ:
Հայր Գրիգոր եւ հայր Պարթեւ իրենց նոր պատասխանատուութիւնը պիտի ստանձնեն 3 յունուար 2012-ին:







