Միջազգային մարզական մամուլի ֆետերասիոնը հրապարակեց անունները 30 լուսանկարիչներու, որոնցմէ մէկը պիտի ընտրուի 2019 տարուան լաւագոյն լուսանկարիչը:
Այդ երեսունին կարգին եղաւ լիբանանցի փորձառու լուսանկարիչ Ատնան Հաժ Ալի, որ աշխարհի չորս ծագերէն եկած 1700 լուսանկարիչներէն ընտրուեցաւ այդ երեսունին մէջ:
Անոր լուսանկարը ընտրուեցաւ լաւագոյն երեսունին մէջ: Այդ լուսանկարը կը պատկերէ այն պահը, երբ անձրեւուն տակ կոյր կին մը կը վազէ վազքի մրցումի մը ընթացքին:
Նշենք, որ նախորդ տարի անոր մէկ լուսանկարը արժանացած էր «գնահատանքի մրցանակ»-ի: Այդ լուսանկարը կը պատկերէր այն պահը, երբ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած 2018-ի մոնտիալին գծով կատարուած մրցումի մը ընթացքին, լեհ դեղնորակ ֆութպոլիստ մը օգնութեան ձեռք կ՛երկարէր սենեկալցի սեւամորթի մը: