Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն եւ երեսփոխան Ալի Տերուիշէն, որոնք դատապարտեցին միւֆթիին տան վրայ կատարուած յարձակումը եւ ստուգեցին անոր առողջութիւնը:
Երեսփոխան Տերուիշ վերահաստատեց ատելութեան, կիրքերու հրահրումի եւ համայնքային ծայրայեղութեան խօսքերէն զերծ մնալու անհրաժեշտութիւնը: Ան մերժեց կրօնական անձնաւորութիւններու եւ սրբութիւններու հասցէին լուտանքներ արձակելը` ապահովական ուժերուն կոչ ուղղելով հետապնդելու հրահրումին ետին կանգնողները եւ արգիլելու փողոցին մէջ անկարգութիւնները: Ան աւելցուց, որ այդ անկարգութիւնները վնաս կը հասցնեն քաղաքին մէջ անձնական եւ հանրային սեփականութիւններուն, ինչ որ կը վնասէ ժողովրդային շարժումին, պատշաճ կեանք ապրելու անոնց իրաւացի պահանջներուն եւ քաղաքակիրթ Թրիփոլիի պատկերին:
Տերուիշ պահանջեց պահպանել կրօնական սրբութիւնները, որովհետեւ անոնք խորհրդանիշ են ընդհանուր կարգ ու կանոնը պահպանելու` վստահեցնելով, որ գիտութեան եւ գիտնականներու քաղաքը կ՛ընդգրկէ բոլոր շերտերէն մարդիկ եւ բարի բնակիչներ, որոնք կարելի չէ բաժնել դաւադիր ձեռքերով: