Լիբանանի նշանառութեան ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Ժալըխ իր մասնակցութիւնը բերաւ միջազգային նշանառութեան ֆետերասիոնին տարեկան երկօրեայ համագումարին, որ տեղի ունեցաւ գերմանական Միւնիխ քաղաքին մէջ:
Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին ֆետերասիոնին անդամ 160 երկիրներէն 147-ը:
Ժողովականները քննարկեցին իրենց օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը, ինչպէս նաեւ որոշուեցաւ մօտիկ ապագային այլ համագումար մը եւս գումարել Ճափոնի մէջ, որ պիտի ըլլայ 2020-ի ամառնային ողիմպիական խաղերը հիւրընկալողը: