Երէկ գիշեր տեղի ունեցան Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 16-րդ եւ երթի նախավերջին հանգրուանին գծով չորս ճակատումներ:
Մնացեալ հինգ մրցումները կը կատարուին այսօր:
Պորուսիա Տորթմունտ, որ հիւրընկալեց պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լայփցիկը, արձանագրեց 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը, հակառակ անոր որ անիկա Ա. կիսախաղին 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէր իր հիւրին:
Մրցումին ներկայ էր 80 հազար հանդիսատես:
Լայփցիկ այժմ ունի 34 կէտ եւ կը մնայ առաջին դիրքին վրայ` երեք կէտով գերազանցելով Մէօնշընկլատպախը, որ այսօր կը հիւրընկալէ Փատերպոռնը:
Իր կարգին, այսօր մրցում ունի կատարելիք Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրը կ՛ըլլայ Ֆրայպուրկի:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Վերտըր Պրեմըն – Մայնց-05 | 0-5 |
Իւնիոն Պերլին – Հոֆընհայմ | 0-2 |
Պորուսիա Տորթմունտ – Լայփցիկ | 3-3 |
Օկզպուրկ – Ֆորթունա Տիւսելտոլֆ | 3-0 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԺԱՄ | |
Պայէր Լեւերքուզըն – Հերթա Պերլին | 19:30 |
Մէօնշընկլատպախ – Փատերպոռն | 21:30 |
Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ – Քէօլն | 21:30 |
Ֆրայպուրկ – Պայէրն Միւնիխ | 21:30 |
Վոլֆսպուրկ – Շալքէ | 21:30 |