Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ստացաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալիք Շաարէն, որ Թրիփոլիի եւ անոր բնակիչներուն անունով դատապարտեց խորհրդարանի նախագահին հասցէին լուտանքներ արձակելու արարքը:
Պըրրի-Քանաան Հանդիպում
Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի ղեկավար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Հանդիպումէն ետք Քանաան անհրաժեշտ նկատեց այդ հանդիպման կայացումը` խորհրդարանի նախագահը դնելու պետական ամավարկին շուրջ բանակցութիւններու աւարտի մթնոլորտին մէջ: Քանաան յայտնեց, որ հանդիպումը կեդրոնացած է վերջին շաբաթներուն արձանագրուած տնտեսական զարգացումները լուծելու ձեւերուն վրայ, որովհետեւ եկամուտները լաւ չեն եւ բացը անցած է 30 առ հարիւրը նկատելի եկամուտներէն: Քանաան աւելցուց, որ ինչ կը վերաբերի որոշ ընկերութիւններու ակնկալուող շահերու հարցին, կայ խոր քննարկում այդ հաւանականութեան մասին, եւ այդ իրականութիւնը իւրայատուկ լուծումի կը կարօտի:
Քանաան բացատրեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ համաձայնած են 100 տոկոսով թափանցիկ ըլլալու եւ լիբանանցիներուն բացայայտելու բոլոր դրամական իրողութիւններուն մասին` ներկայացնելով հաւանական լուծումները: Ան դիտել տուաւ, որ այժմ ժամանակն է դիմելու քաղաքական լուծումի եւ վեր բարձրանալու բազմաթիւ հարցերէ, եւ ատիկա վստահութիւնը վերականգնելու եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ լուծումներ գտնելու հաւանականութեան կարեւոր բանալի է: Ան դիտել տուաւ, որ ամէն մարդ պէտք է մտածէ, նախքան որեւէ քաղաքական որոշում տալը: