Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Ընկ. Սագօ Սարգիսեանի հետ առաջին «հանդիպումս» տեղի ունեցած է 1960 յունուարի վերջաւորութեան, իր հօր մահուան առթիւ: Պատանի էի, կը յաճախէի Ազգային Եփրեմեան վարժարանը (հետագային` Գէորգ Չաթալպաշեան) եւ մաս կը կազմէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դպրաց դասին: Այդ օրերուն սովորութիւն կար, ոչ անպայման` ընդհանրացած ձեւով, մեռելներու գլուխին մոմ բռնել, տան եւ եկեղեցւոյ մէջ: Այդ օր, չեմ յիշեր ճիշդ օրը, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ լուսարար պր. Մինասը դասարան մտաւ եւ դուրս հանելով զիս` թելադրեց, որ մոմ պիտի բռնեմ յուղարկաւորութեան մը, որ տեղի պիտի ունենար նոյն օրը: Առ այդ, գիրքերս հաւաքեցի, տուն տարի, որ դպրոցէն յիսուն մեթր անդին էր, եւ շտապեցի լուսարարին թելադրանքը կատարելու:
Ընկ. Սագոյենց բնակարանը Մար Մխայէլ էր: Սեւազգեստ կիներ կու լային ընկ. Սիրականի (ընկ. Սագոյին հայրը) դիակին վրայ: Ընկ. Սագոն անկողինի մը ծայրը նստած, գլուխը ձեռքերուն մէջ` գետին կը նայէր:
Երբե՛ք, երբե՛ք պիտի չմոռնամ, ճիշդ այսօրուա՛ն պէս կը յիշեմ հայրը: Չեմ գիտեր` որքան ժամանակ մոմը արձանի պէս բռնած մնացի անոր գլխուն վրայ: Երբեմն աչքս վար կ՛առնէի եւ կը դիտէի մեռեալին դէմքը, որ փայլուն ու ճերմակ էր, շատ քիչ մազով, քիթը որոշ մեծութեամբ: Օ՜, այդ դէմքը, այդ տեսարանը, որ խորապէս քանդակուած է ուղեղիս վրայ:
Այդ օրերուն ո՞ր մանկավարժական սկզբունքի վրայ հիմնուած էր այդ սովորութիւնը: Ու տակաւին, եկեղեցւոյ մէջ յուղարկաւորութեան արարողութեան աւարտին, մինչեւ այսօր ականջիս մէջ կը թրթռայ կիներու կանչուըռտուքը, երբ բացին ընկուզեգոյն դագաղին կափարիչը, եւ կիներէն ոմանք սկսան համբուրել դիակին դէմքը: Ու կայ մնացեալը. լաւ կը յիշեմ տակաւին, որ խուռներամ յուղարկաւորներու հետ զիս ալ տարին Ֆըրն էլ Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը, եւ ես տեսայ դագաղին տեղադրուիլը փոսին մէջ: Պատանի մը` ես, եւ այս` շարժապատկերը:
Մեր «մանկավարժ» լուսարար պր. Մինասը չգիտցաւ երբեք, որ իր «դպիր»-ը օրեր շարունակ մղձաւանջներու եւ հոգեկան լլկումներու մէջ մնաց, յատկապէս` գիշերները, երբ ընկ. Սիրականին դէմքը ներկայանար իր մտային պաստառին առջեւ: Այսօր ալ շարժապատկերը չէ փոխուած երբեք իմ ուղեղիս մէջ:
1960-էն երկու տասնամեակ ետք գործակիցներ եղանք ընկ. Սագոյին հետ: Մեր անպաշտօն գրասենեակներէն մէկը իր բնակարանն էր, ուր կը կատարէինք մեր աշխատանքային հանդիպումները: 1982-ին, երբ մտայ իր տունը, ամբողջ մարմինովս դողացի. շարժապատկերը սկսաւ բանիլ, եւ մտովի ծայրէ ծայր դիտեցի յուղարկաւորութիւնը, մանաւանդ անոր հօր դէմքը: Ի՜նչ ահաւոր շարժապատկեր, որուն բեմադրիչը «մանկավարժ» պր. Մինասն էր, եւ որուն միակ հանդիսատեսը ես էի:
Իր ասպարէզին բերումով հայրս կը ճանչնար ընկ. Սիրականը: Իր վկայութեամբ, ան կը վայելէր ընդհանուր համակրանք: Գաղափարապաշտ, նուիրեալ ու հաւատաւոր դաշնակցական էր: Մասնաւոր ուսում չունէր: Լաւ գիտէր յարաբերիլ մարդոց հետ: Հաճելի խօսակից էր, բայց` երբեք հաճոյակատար: Դարձուածքներով չէր խօսեր դիմացիններուն հետ. ճիշդ ճակատէն կը զարնէր, ինչպէս կ՛ըսէ մեր ժողովուրդը: Կ՛ատէր կեղծիքը: Ընտանիքի հայր էր, հիւրամեծար: Նկարագիրի եւ անհատականութեան այս գիծերը ընկ. Սագոն ժառանգած էր հօրմէն: Ան ժառանգած էր նոյնիսկ հօրը մահուան պատճառը` սրտի տագնապ:
* * *
Ընկ. Սագօ Սարգիսեանը ծնած է Պէյրութ, 20 փետրուար 1945-ին, տարսոնցի ծնողքէ: Չորս քոյրերու վրայ ծնած էր ինք` ուրախութիւն ընծայելով իր ընտանիքին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ազգային Ս. Նշան վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդական ուսումը` Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ, որմէ շրջանաւարտ եղած է 1965-ին: Համալսարանական ուսման համար յաճախած է Պէյրութի Լիբանանեան գեղարուեստից ակադեմիա, որուն ընթացքը աւարտած է 1974-ին` իբրեւ ճարտարապետ:
Պատանեկան տարիքին մաս կազմած է Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական երկրորդ խումբին` ունենալով պատասխանատու դեր:
1965-ին անդամակցած է ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան: 1966-ին անցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերը: Վարչական-կազմակերպական պատասխանատուութիւններ ստանձնած է Զաւարեան ուսանողական միութեան մէջ:
1972-ին ամուսնացած է զաւարեանական Զուարթ Սիւրմէլեանի հետ: Հայր էր երկու զաւակի` Թալին ու Ռազմիկ:
ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութենէն ետք անցած է թաղի «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէութիւն եւ մաս կազմած է անոր կոմիտէին:
1979-ին եղած է անդամ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի:
Մասնակցած է ՀՅԴ ԻԱ. (1977 դեկտ.-1978 յուն.) եւ ԻԲ. (1981 դեկտեմբեր) ընդհանուր ժողովներուն: Այս վերջին ժողովին ընտրուած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ստանձնած է ՀՅԴ Երիտասարդական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու պաշտօնը:
Ընկ. Սագոն մեռաւ Լոս Անճելըս, 22 նոյեմբեր 1984-ին: Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները կատարուած են 27 եւ 28 նոյեմբեր 1984-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Անոր մարմինը մեծ թափօրով փոխադրուած է գերեզմանատուն: Դամբանականներ խօսած են` Եփրեմ եպս. Թապագեան, Մեսրոպ արք. Աշճեան, ընկ. Ռազմիկ Մատենլեան եւ ընկ. Վահէ Եագուպեան: Ի յարգանս իրեն` Լոս Անճելըսի ազգային վարժարանները երեք օր կիսով բարձրացուցած են հայկական եռագոյն դրօշակը:
Իբրեւ ճարտարապետ` իր հիմնական աշխատանքը եղաւ Համազգային մշակութային միութեան Մըզհերի բլուրին վրայ ընդարձակ համալիրի մը ծրագիրը, որուն միայն մէկը իրագործուած է այսօր, «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարանի շինութիւնը: Ան նաեւ ճարտարապետն էր 1980-ական թուականներու առաջին կիսուն Ազգային խորհուրդի շէնքերուն:
* * *
Ընկ. Սագոն ունեցաւ կարճատեւ, բայց կազմակերպականօրէն բեղուն եւ հետք ձգող կեանք մը:
Տակաւին աշակերտ Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանին մէջ, կ՛ըսեն, իր դասարանի կեդրոնական դէմքը եղած է: Դասընկերներն ու դասընկերուհիները իրեն կը դիմէին դասարանային որեւէ հարցի կամ դժուարութեան լուծում գտնելու համար, մանաւանդ կը փնտռէին անոր ներկայութիւնը: Պատանեկան տարիքին խմբապետ եղաւ Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական երկրորդ խումբին:
Ընկ. Սագոն տարիքային իմաստով արագ վերելք ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կառուցային նուիրապետութեան մէջ, ղեկավարութեան դիրքերու վրայ: Քանի մը տարի ատենապետը եղաւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան: Ապա մաս կազմեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, որմէ գրեթէ անմիջապէս ետք ընտրուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ:
Ընկ. Սագոն իբրեւ բիւրոյական (ընտրուած` ՀՅԴ ԻԲ. Ընդհանուր ժողովին, 1981 դեկտեմբեր) եղաւ գործակիցը ընկերներ` Սարգիս Զէյթլեանի, Հրաչ Տասնապետեանի, Հրայր Մարուխեանի, Ռազմիկ Մատենլեանի, Երուանդ Փամպուքեանի եւ ուրիշներու: Այն ատեն 36 տարեկան էր, ամէնէն երիտասարդը` իր գործակիցներուն:
* * *
Ղեկավարութեան բոլոր մակարդակներու վրայ ընկ. Սագոն ցուցաբերեց կազմակերպական բացառիկ շնորհներ` պատանեկան տարիքէն սկսեալ: Օժտուած էր ղեկավարի բնածին կարողութիւններով: Կարելի է ըսել, որ ղեկավար ծնած էր: Ղեկավարի յատուկ գրեթէ բոլոր յատկանիշները ունէր. ունէր նաեւ կասկածամտութիւնը, որ հետեւանք էր խոր քննարկումի եւ վերլուծման:
Ղեկավարութեան վրայ կամ ոչ, ՀՅԴ Բիւրոյի երեք տարիներուն եւ առ հասարակ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին ընկ. Սագոն գործեց անսակարկ նուիրաբերումով, անանձնականութեամբ եւ աննկուն հաւատքով: Լիուլի կատարեց իր վրայ դրուած բոլոր պարտաւորութիւնները:
Զօրաւոր էր նախաձեռնութեան ոգին ընկ. Սագոյին մէջ: Մղիչ ուժը հանդիսացաւ, իբրեւ յղացում եւ գործնական աշխատանք, 1971-ին ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կողմէ Պիքֆայայէն Անթիլիաս կազմակերպուած քայլարշաւին, որ, իր ատենին Հայ դատի քարոզչութեան լաւագոյն ձեռնարկը եղաւ, եւ որուն մասնակցեցան 30.000 հայեր:
Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներու (1975-1990) սկզբնական օրերուն ընկ. Սագոն զէն ի ձեռին բարոյական պարտաւորութիւնը կատարեց Լիբանանի հայութեան պաշտպանութեան ի խնդիր: Աւելի ուշ Կեդրոնական կոմիտէի անդամակցութեան մէջ վճռական եւ քաջարի կեցուածք ցուցաբերեց Լիբանանի հայութեան դէմ եղած բոլոր սադրանքներուն եւ ոտնձգութիւններուն: Անզիջող ու խիզախ էր, մա՛նաւանդ երբ հարցը կը վերաբերէր հայութեան շահերուն: Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներու ամէնէն ծանրակշիռ օրերուն մնաց պատնէշի վրայ, իր ժողովուրդին մէջ, բոլորանուէր ծառայութեամբ աշխատելով անոր բարօրութեան եւ հասնելով անոր կարիքներուն:
Իբրեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Երիտասարդական հարցերու գրասենեակի ներկայացուցիչ` ոչ միայն հսկայական աշխատանք տարաւ վերակազմակերպելու զայն, այլեւ նոր դիմագիծ տուաւ անոր: Ստեղծագործ էր: Նոր մղում տուաւ դաշնակցական երիտասարդական միութիւններուն: Իր ճիգերուն շնորհիւ` հիմը դրուեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններու կեդրոնական օրկան` «Կայծեր» պարբերականին: Ինքն էր նախաձեռնողը ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու համագաղութային երկու բանակումներուն (առաջինը` Յունաստանի մէջ, 1983-ին եւ երկրորդը` Ֆրանսա, 1984-ին), որոնց կազմակերպումը կը պահանջէր հսկայական աշխատանք: Նոյնը` համագաղութային երիտասարդական-ուսանողական երկու համագումարներուն, գրեթէ նոյն տարիներուն:
Նախաձեռնութեան ոգիին չափ եւ աւելի` այս բոլորը դատակնիքն էին տեսլական ունեցող ղեկավարի: Այո՛, ընկ. Սագոն տեսլական ունէր, յատկապէս ի՛նչ կը վերաբերի երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան: Ան շատ կարեւոր կը նկատէր նոր սերունդին դաստիարակութիւնը: Իր ողջ էութեամբ կը հաւատար երիտասարդութեան դերին: Երիտասարդութիւնը իր մնայուն մտասեւեռումն էր, եթէ կ՛ուզէք` իր կեանքն էր: Իրեն համար անթեղուած ուժ էր երիտասարդութիւնը, յատկապէս` դաշնակցական երիտասարդութիւնը, որ պէտք էր ներգրաւել, կազմակերպել, գաղափարական-գաղափարաբանական դաստիարակութեամբ զինել եւ Հայ դատի աշխատանքներու պատրաստել: Ան կը հաւատար դարձեալ, որ երիտասարդութիւնը գլխաւոր կռուաններէն մէկն է Դաշնակցութեան շարքերը նորոգելու, կազմակերպական թերիները սրբագրելու եւ գաղափարական նոր մթնոլորտ յառաջացնելու համար: Ան կը հաստատէր, որ իբրեւ կենսունակութեան աղբիւր` երիտասարդութի՛ւնն է, որ քաղաքականացման եւ յեղափոխականացման պիտի առաջնորդէ մեր ժողովուրդը: Ահա՛ թէ ինչու երիտասարդութիւնը փրկութեան լաստն է մեր կազմակերպութեան համար:
Ընկ. Սագոն կ՛ընդունէր, որ դժուար է համադրել երիտասարդական աշխատանքները, յատկապէս` նկատի առնելով քաղաքական, մշակութային եւ լեզուական դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ` Արեւելքի եւ Արեւմուտքի դժուարութիւնները: Այնուամենայնիւ, մեծ չափերով դէմ կ՛արտայայտուէր տեղայնացման երեւոյթին, որ թէ՛ կը ջլատէ կազմակերպական հզօրացման տանող ամէն աշխատանք եւ թէ՛ պարտուողական: Հոգեբանութիւն մը կը յառաջացնէ երիտասարդական միութիւններուն մէջ: Առ այդ, ան կոչ կ՛ուղղէր այս վերջիններուն, որ դուրս գան իրենց կրաւորական, սպասողական եւ լուսանցքային վիճակէն, սկսին կամաց-կամաց կազմակերպուիլ եւ ներգործօն դերակատարութիւն ցուցաբերեն մեր կազմակերպական կեանքին մէջ:
Ընկ. Սագոն կը յայտնէր, թէ մեր գործունէութեանց առընթեր անհրաժեշտ է անպայման ստեղծել քաղաքականացման մթնոլորտ, զոր կարելի է զարգացնել բանակումներու եւ համագումարներու ընդմէջէն: Այդպէս է, որ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական հարցերու գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած համագաղութային ձեռնարկներուն մէջ հաւաքական քննարկումի եւ ազատ ու անկաշկանդ արտայայտութեան նիւթ դարձած սփիւռքի հայ երիտասարդութեան եւ յատկապէս դաշնակցական երիտասարդութեան գաղափարական եւ դաստիարակչական խնդիրները, դժուարութիւնները, Հայ դատի իրենց վիճակուած դերակատարութիւնը եւ յարակից այլ հարցեր:
ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական համագաղութային առաջին բանակումի փակման հանդիսութեան (30 օգոստոս 1983) ան, ի շարս այլ բաներու, կը հաստատէր. «Յեղափոխական գործին մէջ նետուած կազմակերպութեան մը համար արարքները պէտք չէ որ սոսկական արարքներ մնան. անոնց պէտք է գիտակցական եւ հարստացնող մասնակցութիւն բերել, որպէսզի յեղափոխութիւն մը ըլլայ ամբողջական: Յեղափոխական գործ մը իր մասնակի երեւոյթներով շատ կարճաշունչ կը դառնայ եւ կը շեղի իր նպատակէն, եթէ անոր չներդրուին գիտակցական, միահամուռ եւ կազմակերպ աշխատանք»:
Իբրեւ տաքարիւն, ամրօրէն գաղափարապաշտ եւ յեղափոխական խառնուածքի տէր դաշնակցական ղեկավար, որ երիտասարդական խանդով լեցուած էր միշտ, ընկ. Սագոն խոր դրոշմ ձգեց դաշնակցական երիտասարդական-ուսանողական միութիւններուն վրայ, որոնք խանդավառ օրեր ապրեցան: Ան յաջողեցաւ քաղաքական աշխատանքներու առաջնորդել զանոնք, որովհետեւ իր նախաձեռնութեան ոգիին միացուց ղեկավարութեան տեսլականը:
* * *
Իբրեւ ընկ. Սագոյին գործակից ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական հարցերու գրասենեակին մէջ` ես կը տեսնէի անոր ամբողջ տագնապը եւ հեւքոտ վազքը որեւէ ձեռնարկ ծրագրելու եւ գործնականացնելու ընթացքին: Երիտասարդական-ուսանողական բանակումներու եւ համագումարներու նախօրեակին մտատանջութեան եւ մղձաւանջներու մէջ կ՛ըլլար: Կը ջանար կանխատեսել դժուարութիւնները, որոնց լուծման մասին կարելիութիւններ կ՛առաջարկէր:
Ծայրայեղօրէն խստապահանջ էր: Խստապահանջ` իր ընկերներէն, ընտանիքէն, մա՛նաւանդ` իր անձէն: Մեր երկուքուկէս տարուան գործակցութեան ընթացքին մեզմէ կ՛ակնկալէր լաւագոյնը, անկարելին: Քանի՜ քանի՛ հանդիպում ունեցած ենք (տունը, ճարտարապետական գրասենեակը) շրջաբերական մը պատրաստելու համար, բանակումներուն եւ համագումարներուն կազմակերպական աշխատանքները լաւագոյնս ծրագրելու համար: Որքա՜ն բծախնդիր էր, հիւանդագին ըլլալու աստիճան, ամէն մանրամասնութեան մէջ, հարցերը ամբողջականօրէն քննարկելու ատեն:
ՀՅԴ երիտասարդական օրկան «Կայծեր»-ի առաջնորդող գրութիւն մը վերջնական ձեւի բերելէ եւ հրատարակուելէ առաջ չորս-հինգ անգամ քովը կ՛երթայի: Ամէն անգամուն ալ բան մը կ՛ունենար փոխելիք. բառ մը, մտածում մը, գաղափար մը: Երբեմն ամբողջութեամբ կը փոխէր, եւ ես ստիպուած` նորը կը գրէի: Ժողովրդային բացատրութեամբ, «հոգիս բերանս կը բերէր», այնքա՛ն բծախնդիր էր:
Կը պատահէր, որ նեղացնէր մեզ, բարկանար մեր վրայ: Կ՛ընդունիմ, որ այդ բարկութեան մէջ վիրաւորանք չկար երբեք: Մեր վրայ գերակայութիւն հաստատելու նպատակ չունէր երբեք, այլ ղեկավարներու նման: Ու միշտ, իրեն յատուկ վարուելակերպով, կ՛անդրադառնար իր արարքին եւ աշխատանքի մը աւարտին, մանաւանդ` յաջողութենէ մը ետք, կը ժպտէր եւ «մեր սիրտը կ՛առնէր», ինչպէս ճիշդ բանաձեւած է մեր ժողովուրդը: Երբ բարձր տրամադրութեան մէջ ըլլար, ժպտուն դէմք մը կ՛ունենար. կատակասէր, ընկերային, հաճելի ներկայութիւն: Ընկ. Սագոյին ժպիտին խորքը բարութիւն կար, անյիշաչարութիւն:
* * *
Համեստ էր ընկ. Սագոն: Որեւէ ձեւով շեփորահարումը չըրաւ իր կատարած աշխատանքներուն, իրագործումներուն եւ յաջողութիւններուն: Ինքնացուցադրութեան եւ ինքնագովութեան չդիմեց: Խուժանավարութիւն չըրաւ, որմէ կը խրտչէր ամբողջ էութեամբ: Որքա՜ն կը հակադրուէր փառամոլութեան, պատեհապաշտ գործելակերպերու եւ շահախնդրութեան: Կ՛ուզենք արձանագրել, որ իր մահէն տարի մը ետք տեղի ունեցած ՀՅԴ ԻԳ. Ընդհանուր ժողովը (1985 ամառ, Յունաստան) գոհունակութեամբ կ՛ողջունէր Երիտասարդական հարցերու գրասենեակի իրագործումները, որոնք կոչուած էին օգտակար ըլլալու երիտասարդ ընկեր-ընկերուհիներու միջեւ կենդանի կապի, ընկերական ջերմ մթնոլորտի եւ խանդավառութեան ստեղծման, անոնց քաղաքական զարգացման եւ համահայկական ապրումներու զօրացման:
* * *
Հայ դատը առօրեայ տագնապ էր ընկ. Սագոյին համար: Դաշնակցութիւնը` սրբութիւն: Ճարտարապետական գրասենեակը գրեթէ երեսի վրայ ձգած էր, կարծէք` երբեք հետաքրքրուած չէր անով: Նոյնիսկ ընտանիքին հանդէպ անհրաժեշտ հոգատարութիւնը չունէր:
Դաշնակցութիւնը` մնայուն ապրում: Խորապէս կ՛ընդվզէր, երբ մարդիկ փորձէին արատաւորել Դաշնակցութիւնը: Կը փրփրէր անոնց դէմ ու կը զայրանար:
Սրտի հիւանդութենէ կը տառապէր ընկ. Սագոն, սակայն հոգ չտարաւ իր առողջութեան: Մահէն ութ տարի առաջ ունեցած էր սրտի առաջին կաթուածը: Երկար ժամանակ դարմանուեցաւ, ոտքի ելաւ եւ շարունակեց իր կազմակերպական կեանքը` ըստ նախնոյն: Քանի մը տարի ետք` սրտի երկրորդ տագնապը: Անդրդուելի մնաց: Պարտուողական տրամադրութիւն ցոյց չտուաւ երբեք. յուսահատութեան ոչ մէկ արտայայտութիւն: Իր ընկերները կը թելադրէին իրեն, որ թեթեւցնէ իր հեւքոտ աշխատանքը. կարեւորութիւն չտուաւ այդ բոլորին: Պարզապէս արհամարհեց հիւանդութիւնը, որ մազաչափ իսկ չհեռացուց զինք կազմակերպական կեանքէ. կուսակցական պարտաւորութիւնները կատարեց նոյն թափով: Ոչ մէկ խախտում արձանագրեց Հայ դատի եւ Դաշնակցութեան հանդէպ իր ունեցած հաւատքը: Յամառօրէն կառչած մնաց անոնց եւ ոչ մէկ բան ընկճեց զինք: Վճռական էր, անվախ, շէն, գաղափարապաշտ, անզիջող. նկարագիրի գիծեր են ասոնք, որ մնայուն կերպով պահեցին զինք պայքարի ճամբուն վրայ: Իր այդ կեցուածքով մեզի կու տար անձի օրինակը, որով ուղղակիօրէն կը խրախուսէր մեզ մեր աշխատանքին մէջ: Մահէն քանի մը օր առաջ իր կնոջ ըսած է հետեւեալը. «Եթէ նորէն ծնիմ, նոյն բաները պիտի ընեմ նոյն թափով, գիտնալով հանդերձ, որ պիտի մատնուիմ այս նոյն վիճակիս: Չեմ զղջար, որ այս ձեւով գործեցի»:
* * *
Կազմակերպական կեանքին մէջ` թերացումներու, անընկերական արարքներու, ստորնացումներու եւ յատկապէս սայթաքումներու դիմաց բիրտ էր ընկ. Սագոն: Այսպիսի պարագաներու ատեն ամբողջովին կը կերպարանափոխուէր, կը դեղիննար: Սխալներ կը մատնանշէր, կը պախարակէր ու կը քննադատէր Դաշնակցութեան բարոյական աւանդութիւններուն դէմ ուղղակի կամ անուղղակի աշխատողները: Իր այս վարուելակերպին, այլ մանաւանդ բիրտ մօտեցումներուն պատճառաւ իր ընկերներէն ոմանք չհանդուրժեցին զինք եւ հեռացան իրմէ: Կը թուի, թէ մեր կեանքին մէջ ձեւը աւելի կարեւոր է, քան` բովանդակութիւնն ու խորքը: Հաստատեմ, որ ընկ. Սագոյին բրտութիւնը ուրիշ նպատակ չէր հետապնդեր, եթէ ոչ` սրբագրումի եւ վերականգնումի առաջնորդող տրամադրութիւն: Հայրական բնաւորութեան հետեւանք: Ինք` մաքրամաքուր, անկաշառ եւ բարոյականութեան խորհրդանիշ: Ոչ ոք կրնայ ուրանալ այս արժանիքը ընկ. Սագոյին մէջ, իրեն համակրողներն ու զինք չհաւնողները:
* * *
Մտաւորական մը չէր ընկ. Սագոն: Ես չեմ յիշեր իրմէ որեւէ յօդուած կամ գրութիւն: Սակայն ունէր մտաւորականի հրաշալի խառնուածք, կազմաւորում, ինչպէս նաեւ` վերլուծելու եւ արժեւորելու շնորհք: Կ՛ատէր միջակութիւնները, յատկապէս` միջակ մտաւորականները, որոնք խիզախ կեցուածքներ չունէին եւ գաղափարապաշտ չէին:
Չեմ յիշեր, որ ընկ. Սագոն ունեցած ըլլայ հրապարակային խօսք: Ճառախօս չէր: Զինք մտիկ ըրած եմ համագաղութային երկու բանակումներու բացման եւ փակումին: Այդ օրերուն իր խօսքերը` մեծ ընդունելութիւն գտան բանակողներուն մէջ, որոնք մտիկ ըրին զինք մեծ հաճոյքով. ձայնը հաղորդական էր, ինք` հմայող, խօսքերը բովանդակալից:
* * *
1984 նոյեմբերի սկիզբը շատ յոգնած կը զգար ինքզինք: Իրեն կը թելադրէինք քիչ մը հանգիստ ընել, արձակուրդ առնել, կազդուրուիլ եւ ապա վերստին գործի անցնիլ: Ըսաւ մեզի. «Իմ կեանքս տարբեր չէ այն երիտասարդներէն, որոնք գիտակցաբար կը նուիրեն իրենց կեանքը հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման համար»:
Սպառած վիճակի մէջ կազմակերպական-կուսակցական գործով գնաց Միացեալ Նահանգներ: Յայտնեց, որ իր աշխատանքները աւարտելէ ետք, շաբաթ մը արձակուրդ պիտի առնէ հանգստանալու:
Գնաց եւ դժբախտաբար այնտեղ մնաց` իր յաւիտենական հանգիստին մէջ:
* * *
22 նոյեմբեր 1984-ին ընկ. Սագոն մեռաւ կուսակցական պարտականութեան ճամբուն վրայ, 40-ի դռները չհասած: Ծանր, դառնաղէտ ու վաղաժամ մահ մը, որ խոր սուգի մատնեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ յատկապէս` երիտասարդական շարքերը: Իր մահով Դաշնակցութիւնը իրապէս կը կորսնցնէր իր հաւատաւոր ընկերներէն մէկը:
Այսօր 74 տարեկան պիտի ըլլար ան, այսինքն` տակաւին մաս պիտի կազմէր մեր կազմակերպական կեանքին ու մեծ դերակատարութիւն կրնար ունենալ թէ՛ վերանկախացած Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ:
35 տարի առաջ մենք կորսնցուցինք լրջախոհ, անձնդիր եւ մանաւանդ խոստմնալից ղեկավար մը, որ կրնար յաջորդել իրեն գործակից երէց ընկերներուն: Երբ մահուան լուրը Պէյրութ հասաւ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Սարգիս Զէյթլեանը քաղաքի «Արա Երեւանեան» ակումբի վերի յարկի` Բիւրոյի գրասենեակի պատշգամի դուռին յենած ժամերով ծխե՜ց ու ծխե՜ց: Ի՞նչ կը մտածէր արդեօք:
Ընկ. Սագոյի մահուան քառասունքին հոգեհանգստեան ձեռնարկներ եղան Լոս Անճելըսի, Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ: Անկէ ասդին, 35 տարուան ընթացքին, լռութիւն մը կը տիրէ իր անուան դիմաց: Նորահաս եւ միջին սերունդները, Հայաստանը, չեն ճանչնար զինք, հաւանաբար չեն ալ լսած անոր անունը: 35 տարուան մէջ բազմաթիւ ձեռնարկներ եղան մահացած այլ պատասխանատու ընկերներու յիշատակին, սակայն մոռցուեցաւ ընկ. Սագոն:
Այս տողերը վերաթարմացման խունկ` իր յիշատակին: