«Ֆորմիւլա-1»-ի խումբերու պատասխանատուներուն քուէարկութեամբ, տարուան լաւագոյն վարորդը ճանչցուեցաւ «Մերսետես»-ի անգլիացի ներկայացուցիչ Լուիս Հեմիլթըն, որ այս տարի 6-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացած էր աշխարհի ախոյեան:
2-րդ դիրքը գրաւեց «Ռետ Պուլ»-ի վարորդ Մաքս Վերսթափեն, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց «Ֆեռարի»-ի ներկայացուցիչ Շարլ Լեքլերք:
Երեք վարորդներն ալ յաջորդաբար ապահովեցին 169,146 եւ 124 կէտ: