Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող թիւ 150 բանաձեւի ընդունումը, ինչ որ կրնայ կարեւոր եւ գործնական նշանակութիւն ունենալ ցեղասպանութիւններու դատապարտման եւ կանխարգիլման առումով:
«Կը շնորհաւորենք եւ խորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին եւ Ամերիկայի հայկական համագումարին անոնց կատարած մեծ աշխատանքին համար` ի շահ հայ ժողովուրդին եւ պատմական արդարութեան վերականգնման», նշուեցաւ նախարարութեան Դիմատետրի էջին վրայ: