Յաջորդաբար վեցերորդ տարին ըլլալով, հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան, սկսաւ դրամատուներու եւ ընկերութիւններու պասքեթպոլի «Պանքօ» մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 11 խումբերու:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ խումբերը. Կեդրոնական դրամատուն, Իրաւաբաններու Սենտիքա, «Թուֆիք Ղարղուր», «Աուտէ» դրամատուն, «Սոսիեթէ Ժեներալ», «Ֆաթթալ», «Սամի» խումբ, Լիբանանեան-ֆրանսական դրամատուն, «Մորիքա», «Մայք Սփոր» եւ «Լուպնան Մահժար» դրամատուն:
Ա. հանգրուանին արձանագրուեցան հետեւեալ կարեւորագոյն արդիւնքները.
«Աուտէ»-«Ֆաթթալ»` 73-52, Իրաւաբաններու սենտիքա – «Մայք Սփոր»` 58-54 «Լուպնան Մահժար» – «Սոսիեթէ Ժեներալ»` 74-47: