Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին մրցումները երէկ գիշեր հասան իրենց աւարտին, երբ տեղի ունեցան 6-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումները` Ա., Բ., Գ. եւ Դ. խմբակներուն մէջ:
Նախքան երէկուան մրցումները, արդէն իսկ յստակացած էին փլէյ օֆի մրցումներուն մասնակցող 16 խումբերէն 14-ը:
Կը մնային միայն վերջին երկու խումբերը, որոնք եւս պիտի ապահովէին իրենց տոմսերը:
15-րդ եւ նախավերջին տոմսը ապահովողը եղաւ Աթալանթա, որ 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շախտիոր Տոնեցքին, Մանչեսթըր Սիթիին հետ ապահովեց իր տոմսը:
Իսկ վերջին տոմսը ապահովողը հանդիսացաւ Աթլեթիքօ Մատրիտ, որուն արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ (Լոքոմոթիւ Մոսկուայի դէմ), Պայէր Լեւերքուզըն դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Տեղի ունեցած այլ մրցումի մը ընթացքին, Փարիզ Սեն Ժերմեն 5-0 արդիւնքով ջախջախեց իր հիւրը` Կալաթասարայը:
Այստեղ նշենք, որ ութ խմբակներու երրորդ դիրքերը գրաւողները թէեւ դուրս մնացին մրցաշարքէն, սակայն անոնք պիտի մասնակցին «Եւրոպայի լիկա»-ի մրցաշարքին: