Պարսելոնայի յառաջապահ Անսու Ֆաթի (ծնած` Կինէա – Պիսաոի մէջ) նախանցեալ օր Ինթեր Միլան – Պարսելոնա մրցումին («Չեմփիընզ լիկ») կերտեց իր կազմին յաղթանակը (2-1):
Այսպիսով, ան դարձաւ մրցաշարքի պատմութեան մէջ ամէնէն երիտասարդ ֆութպոլիստը, որ կոլի հեղինակ կը դառնայ (17 տարեկան, 40 օր):
Անոր կը պատկանի նաեւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին կոլ նշանակած ամէնէն երիտասարդ ֆութպոլիստի մրցանիշը (16 տարեկան, 304 օր)` Օսասունայի դէմ կատարուած մրցումին: