Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպումի ընթացքին զգուշացուցած է միջամտելէ ամերիկեան ընտրութիւններուն եւ յորդորած է Մոսկուան լուծել Ուքրանիոյ հետ տագնապը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան:
«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հանդիպած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ: Լաւրով նախագահ Թրամփը տեղեակ պահած է երկկողմանի յարաբերութիւններու վիճակին վերաբերեալ իր քննարկումներուն մասին», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
«Նախագահ Թրամփ զգուշացուցած է Ռուսիան ամերիկեան ընտրութիւններուն որեւէ միջամտութենէ եւ Ռուսիոյ կոչ ուղղած` լուծելու Ուքրանիոյ հետ տագնապը», կ՛աւելցնէ Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութիւնը:
Լաւրով մամլոյ ասուլիսի ընթացքին հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահին առաջարկած է հրապարակել Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի նամակագրութիւնը ընտրութիւններուն Ռուսիոյ վերագրուող «միջամտութեան» մասին:
Թրամփ Լաւրովի հետ հանդիպումի ընթացքին ըսած է, որ երկկողմանի յարաբերութիւններու բարելաւումը պիտի արտօնէ աշխուժացնել փոխադարձ առեւտուրը:
«Կողմերը քննարկած են Չինաստանի հետ յարաբերութիւններու վիճակը: Նախագահը նշած է, որ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւումը պիտի արտօնէ բարելաւել երկկողմանի առեւտուրը», յայտնած է Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը ռուսական դիւանագիտութեան պետին հետ նաեւ քննարկած է այն հարցը, թէ ինչպէ՛ս կարելի է բարելաւել երկու երկիրներու կալանաւորուած քաղաքացիներուն առնչուած հարցը:
«նախագահը ողջունած է Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան շարունակումը այն հարցերուն լուծման ուղղութեամբ, որոնք փոխադարձ մտահոգիչ են, ներառեալ այն, թէ ինչպէ՛ս Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիան կրնան դրական քայլեր առնել կալանաւորուած քաղաքացիներուն առումով», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: