Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի անդամները երկրի 2020 թուականի պաշտպանութեան պիւտճէն ճշդած են 738 միլիառ տոլարի չափով, ինչ որ 3 առ հարիւրով կը գերազանցէ 2019-ի պիւտճէն:
Պաշտպանութեան մարզի պիւտճէն, որուն շուրջ հանրապետականներու եւ դեմոկրատականներու միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է, կը ներառէ 300 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն Ուքրանիոյ, ինչ որ կը հետեւի 9 դեկտեմբերին Ներկայացուցիչներու տան յատկացումներու յանձնախումբին կողմէ հրապարակուած փաստաթուղթին: Միջոցները պիտի յատկացուին անվտանգութեան ոլորտին մէջ Ուքրանիոյ աջակցութիւն ցուցաբերելու նախաձեռնութեան իրագործման:
Նախագիծը նաեւ երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան կը պարտաւորեցնէ հաշուետու ըլլալ Ռուսիան զսպելու միջոցառումներուն համար: «Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը կ՛ընդունի, որ ներկայիս մենք Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ լուրջ մրցակցութեան մէջ ենք: Մեր մրցակիցները կ՛ուզեն խախտել միջազգային կարգը եւ ազդեցութիւն ձեռք բերել: Ուստի ազգային պաշտպանութեան 2020-ի ելեւմտական տարուան պիւտճէի նախագիծը կը ներառէ միջոցներ, որոնք կոչուած են օգնելու մեր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ: Պիւտճէին մէջ «Ռուսիոյ զսպումին» համար լրացուցիչ 734 միլիոն տոլար յատկացուած է:
Բացի ատկէ, նախագիծին համաձայն, Միացեալ Նահանգներուն կ՛արգիլուի Թուրքիոյ ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներ վաճառել` Անգարային ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարման պատճառով:
Կ՛ակնկալուի, որ պիւտճէի նախագիծը որդեգրուի մինչեւ 2019 թուականի վերջը: