«Դու վարդապետ, Դու Ամենայն Հայոց երգի վեհափառն ես:
Դու մեր երգի Մեսրոպ Մաշտոց, գիրն ու տառն ես հայոց երգի»
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ
Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ երկու յաջորդական շաբաթներ լիբանանահայ հանրութիւնը ըմբոշխնեց հայ երգարուեստի տիտան Կոմիտաս վարդապետի վարքին եւ ծաւալած արուեստին նուիրուած թատրերգութիւնը:
Բարձր մակարդակի եւ արհեստավարժ բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեանի բեմադրութեամբ մատուցուած ներկայացումը կը վայելէ մեկենասութիւնը հանրածանօթ ԳՈՀԱՐ երգչախումբի սեփականատէր Յարութիւն Խաչատուրեանի:
Բծախնդրօրէն պատրաստուած թատրոնի դերասանական կազմը կարելի եղածին չափ լաւ ներկայացաւ, իսկ Կոմիտաս վարդապետին հիմնած «Գուսան» երգչախումբին կատարողութիւնը վստահուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին` ղեկավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի:
Լիբանանահայութիւնը սոյն թատրոնով եկաւ անգամ մը եւս ապացուցելու, որ գաղութը տակաւին կենսունակ է եւ արուեստի նկատմամբ` քաջալերող ու խրախուսող, իսկ մեր տիտանները մեծարող եւ անոնցմով տոգորուած` նորանոր արուեստներ կերտող: