Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ տեղի ունեցած «Սանթա Քլաուս Քափ» գեղասահքի միջազգային մրցաշարքին, Թինա Կարապետեան – Սիմոն Սենեկալ զոյգը գրաւեց երկրորդ դիրքը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Հայաստանի ներկայացուցիչները, ապահովելով 171,39 կէտ, իրաւունք ստացան հանդէս գալու աշխարհի ախոյեանութեան ռիթմիք պարերուն:
Յայտնենք, որ մրցաշարքին մասնակցեցան 9 զոյգեր:
Վերոնշեալ մրցաշարքին, աղջկանց անհատական պարերուն, քանի մը օր առաջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Անասթասիա Գալուստեան գրաւած էր առաջին դիրքը: