Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան համոզումով` Իրաքի «Պալատ» ռազմակայանին դէմ յարձակումին ետին կանգնած է Իրանը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
«Մենք կը սպասենք ապացոյցներու: Սակայն մեծ հաւանականութիւն կայ, որ ատոր ետին կանգնած ըլլայ Իրանը», յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Շենքըր:
Անոր համաձայն, Իրան նախապէս ալ, երբ ճնշում զգացած է, դիմած է յարձակողական քայլերու:
5 դեկտեմբերին, Իրաքի զինուորները հաղորդած են, որ Պաղտատէն 80 քիլոմեթր հիւսիս գտնուող «Պալատ» ռազմակայանին դէմ երկու «Քաթիուշա» տիպի հրթիռ արձակուած է: Ռազմակայանին մէջ տեղակայուած են ամերիկեան ուժեր: