Վերջին օրերուն իրար յաջորդող իրադարձութիւններու, Դաշնակցութեան շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներու, ինչպէս նաեւ անցնող շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ 20-է աւելի երկիրներու դաշնակցական ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներու հաւաքէն ետք, «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանը զրոյց ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ:
Զրուցավար Գեղամ Մանուկեան հարցուցած է այս անգամուան այցելութեան նպատակին մասին. պատասխանելով ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսած է. «Այցելութեան հիմնական նպատակը կարելի է բաժնել երեք մասի: Առաջինը ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու խորհրդաժողովն է, որ տեղի ունեցաւ եւ արդէն իսկ իրենց հաղորդագրութիւնը հրապարակուած է: Երկրորդը, Հայաստանի մէջ հանդիպումներու նպատակն է, որ բնականաբար տեղի կ՛ունենայ պարբերաբար: Երրորդ` Արցախի մէջ Արտակարգ շրջանային ժողովին մասնակցութիւնն է, որովհետեւ, ինչպէս գիտէք, մեր կազմակերպութիւնը եւս պէտք է ճշդէ յառաջիկայ գարնան տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններու ռազմավարութիւնը: Այս երեք հիմնական պատճառներով է, որ կը գտնուիմ հայրենիքի մէջ , եւ այո՛, կեանքիս մեծ մասը հիմա կ՛անցընեմ հայրենիքի մէջ` Հայաստան ըլլայ, թէ Արցախ»:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ անդրադարձած է դաշնակցական երիտասարդներու խորհրդաժողովին, ուր 22 երկիրներէ հաւաքուած էին ուսանողական-երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներ: Ան ընդգծեց, որ երեւոյթը ուրախալի է: Ուրախալի է յատկապէս այն երեւոյթը, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը յաջողած է այդ երիտասարդութեան մէջ կերտել հայու այն կերպարը, որ անկախ իր բնակութեան երկրի վայրէն, յստակօրէն կը դրսեւորէ մէկ ազգ եւ մէկ դատ ունեցող նուիրեալ եւ յանձնառու հայու նկարագիրը: Ուրախալի է, որ այդ բազմաթիւ երկիրներէն եկած երիտասարդները հիմնական հարցերու շուրջ որեւէ տարակարծութիւն չունեցան:
Անդրադառնալով Հայաստանի իշխանութիւններուն վերջին օրերու յայտարարութիւններուն` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսաւ. «Անգամ մը եւս կը նշեմ, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մէջ չկան ներսի եւ դուրսի դաշնակցականներ, չկայ հին ու նոր ղեկավարութիւն, եւ այն պահանջները, որ նոր ղեկավարութիւնը հինը քննադատէ եւ արժանի գնահատականը տայ, մեզի համար անընդունելի է եւ տարօրինակ»:
Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը` յաջորդիւ: