Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա վստահ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 5-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Մայորքան:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Անթուան Կրիզման (7-րդ), Լիոնել Մեսսի (17-րդ, 41-րդ եւ 83-րդ) եւ Լուիս Սուարեզ (43-րդ):
Իր իրագործած այս հեթրիքին շնորհիւ, Մեսսի գերազանցեց Ռէալ Մատրիտի նախկին յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոն, որ «Լա լիկա»-ին մէջ իրագործած էր 34 հեթրիք:
Նախքան մրցումը սկսիլը եւ իր 35-րդ հեթրիքը իրագործելը, Մեսսի դաշտ մուտք գործեց իր երեք զաւակներուն հետ` իրեն հետ ունենալով նախորդ շաբաթավերջին իր տիրացած «Ոսկիէ գնդակ»-ին տիտղոսը:
Պարսելոնայի նման տարեշրջանի իր 34-րդ կէտը ապահովեց նաեւ 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Ռէալ Մատրիտ, որ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Էսփանիոլին: Ռաֆայէլ Վարան (37-րդ) եւ Քարիմ Պենզեմա (79-րդ) նշանակեցին Ռէալի կոլերը, մինչ անոնց խմբակից Ֆերլանտ Մենտի 83-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Նշենք, որ իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Ռէալ Մատրիտ «Լա լիկա»-ի պատմութեան մէջ մրցանիշ մը հաստատեց` նկատի ունենալով, որ ան արձանագրեց իր 1700-րդ յաղթանակը:
Պարսելոնա արձանագրած է 1645 յաղթանակ, իսկ Աթլեթիքօ Մատրիտ` 1292: