«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան բաւական հետաքրքրական ճակատումներ:
Միլուոքի Պաքս (արեւելեան շրջան) եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (արեւմտեան շրջան), որոնք կրած են երեքական պարտութիւն, արձանագրեցին տարեշրջանի իրենց 20-րդ յաղթանակը` յաջորդաբար Լոս Անճելըս Քլիփըրզի (119-91) եւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի (136-113) դէմ:
Լէյքըրզէն 39 կէտ նշանակեց Անթոնի Տէյվիս, մինչ Պաքսէն 27 կէտ` Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ:
Մայեմի Հիթ 112-103 արդիւնքով յաղթեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծին: Յաղթական կազմէն Ճիմի Պաթլըր թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (28 կէտ, 11 ռիպաունտ, 11 էսիսթ):
Իր կարգին, թրիփըլ տապըլի հեղինակ դարձաւ Հիուսթըն Ռոքեթցին մաս կազմող Ռասըլ Ուեսթպրուք (24 կէտ, 14 ռիպաունտ, 11 էսիսթ)` Ֆէոնիքս Սանզի դէմ արձանագրուած յաղթանակին ընթացքին (115-109): Անոր խմբակից Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 34 կէտ, մինչ Սանզէն Տեւին Պուքըր` 35 կէտ:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր 5-րդ յաղթանակը (19 պարտութիւններու կողքին)` 2 կէտի տարբերութեամբ միայն (100-98) պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Շիքակօ Պուլզը: