Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 15-րդ հանգրուանին` ծիրին մէջ, երկրի գործող ախոյեան Եուվենթուս, ուր Հռոմի «Օլիմփիքօ» մարզադաշտին վրայ հիւրը եղաւ Լացիօ Ռոմային, կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` 3-1 արդիւնքով:
Եուվենթուսի միակ կոլը նշանակեց Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (25-րդ), մինչ անոր խմբակից Խուան Քուատրատօ 69-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ: Անոր դաշտէն վտարումէն ետք հիւրընկալ խումբը նշանակեց 2 կոլ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Լացիօ Ռոմա այժմ 5 կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ինթեր Միլանէն, որ այս հանգրուանի բացման մրցումին 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Ա. Էս Ռոմային հետ:
2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Եուվենթուս իր տրամադրութեան տակ ունի 36 կէտ: