Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր յայտարարեց, որ անհրաժեշտութեան պարագային Սուրիա յաւելեալ ամերիկեան ուժերու ուղարկումը չի բացառեր:
Փենթակոնի ղեկավարը նաեւ յայտարարեց. «Ուաշինկթըն պէտք եղածին պէս պիտի զսպէ իրանեան վարմունքը»:
Ան Քալիֆորնիոյ մէջ ապահովական հարցերով համախմբումի մը ընթացքին յայտնեց, որ մնայուն խորհրդակցութեան մէջ է ամերիկեան զինեալ ուժերու միացեալ սպայակոյտի մարմինին ու կեդրոնական հրամանատարութեան հետ` «առաքելութեան ամբողջացման համար պէտք եղածը ապահովելու համար»:
Յիշեցնենք, որ Էսփըր նախապէս յայտնած էր, որ «բացառուած չէ, որ Միացեալ Նահանգներ շարունակէ Սուրիոյ մէջ իր ուժերուն թիւը նուազեցնել»` աւելցնելով, որ իր երկիրը ամբողջացուցած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքէն իր ուժերուն հեռացումը: