Կիրակի, 8 դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր արարողութիւն, 1988 թուականին Սպիտակի, Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին պատճառով զոհ գացած շուրջ 30.000 հայորդիներու հոգիներուն համար: Վեհափառ հայրապետը, հոգեւոր հայրերը եւ հաւատացեալները միասնաբար իրենց աղօթքը ուղղելով Աստուծոյ` խնդրեցին, որ զոհերուն հոգիները լուսաւորէ, Իր հովանին անպակաս ընէ Հայաստան աշխարհին վրայէն եւ պահէ, պահպանէ ու զօրացնէ Արցախը եւ սփիւռքը: