ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
By adminx - Sat Dec 31, 1:27 am
ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ամբողջ պետութիւնը համոզուած է, որ Լիբանանի մէջ Քայիտան գոյութիւն չունի, բացի պաշտպանութեան նախարարէն:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանին յատուկ օդերեւութաբանական կեդրոնին համաձայն, Լիբանանի մէջ տիրող պայծառ կլիման վաղը պիտի փոխուի եւ դառնայ փոթորկոտ ու անձրեւոտ: Կը նախատեսուի, որ ծովուն մակերեսէն 1400 քմ բարձրութեան վրայ ձիւնէ:
ՄԱԶՐԱԱԹ Եաշուհ շրջանին մէջ բամպակի գործարան մը հրկիզուած է` պատճառելով նիւթական վնասներ:
ԸՍՏ «Ժումհուրիա» օրաթերթին, Պետական շուրայի նախագահ, դատախազ Ժոզեֆ Սատեր երէկ երկրորդ անգամ ըլլալով հանդիպում մը ունեցած է աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի հետ` քննարկելու համար աշխատավարձերու յաւելման թղթածրարին վերաբերող հարցեր:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ ինք կը մերժէ Յոյն ուղղափառ հանդիպումի մշակած ընտրական օրինագիծը, որուն հիման վրայ իւրաքանչիւր համայնք պիտի ընտրէ իր ներկայացուցիչները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ շրջանային իրադարձութիւնները Լիբանանէն հեռացուցած են հաւանական տագնապները:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ատնան Արաքժի յայտնեց, որ Սուրիա իր տագնապէն յաղթական դուրս պիտի գայ` աւելցնելով, որ ներքին լարուածութիւնն ու արտաքին դաւադրութիւնները Սուրիան պիտի չկարենան տապալել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սելիմ Սալհապ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է վաւերացնել Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ ներկայացուած ապահովական խորհրդարանական յանձնախումբ մը կազմելու առաջարկը:





