«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Հիուսթըն Ռոքեթց յաղթական վերադարձաւ Թորոնթոյէն (Քանատա), ուր յաղթեց դաշտին տիրոջ` երկրին գործող ախոյեանին Ռեփթըրզին` 119-109 արդիւնքով:
Յաղթական կազմէն Ռասըլ Ուեսթպրուք թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (19 կէտ, 13 ռիպաունտ, 11 էսիսթ), մինչ անոր խմբակից Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 23 կէտ:
Ֆէոնիքս Սանզ երկարաձգումէն ետք 139-132 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Նիւ Օրլինզի դաշտէն: Յաղթական կազմէն Տեւին Պուքըր նշանակեց 44 կէտ:
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 119-113 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզին, մինչ չորրորդ եւ վերջին մրցումին, Նիւ Եորք Նիքս 129-92 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Տենվըր Նակեթցէն: