ՀՅ Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հերքեց, որ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան իշխանութեան դէմ այսպէս կոչուած «պարտիզանական մարտեր մղելու» յորդոր կատարած ըլլայ: «Բովանդակութենէ կտրուած, իրականութեան հետ առնչութիւն չունեցող ձեւակերպումներով հաւաքէն տեղեկութիւններ դրած են շրջանառութեան մէջ մարդիկ, որոնք այդ հաւաքին ներկայ չեն եղած», պարզաբանեց ան:
Քանատա գտնուող Սաղաթէլեան տեղեկացուց, որ հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ կուսակցութեան մարզային կոմիտէներու, Գերագոյն մարմինի ղեկավար կազմի, ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու վարչութիւններու խորհրդաժողով, որուն մասնակցած է 150 դաշնակցական, որոնց կարգին` Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան: Ան դիտել տուաւ, որ կրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի պահանջի որոշումը տրուած էր Հայաստանի երիտասարդական միութեան նիստին, իսկ հոկտեմբերին տեղի ունեցած ղեկավար կազմի խորհրդաժողովին այս նիւթին ընդհանրապէս անդրադարձ չէ կատարուած:
5 դեկտեմբերին Դաշնակցութեան շարքերէն արտաքսուածներուն վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` Սաղաթէլեան ըսաւ, որ կուսակցութեան մէջ բոլորը ազատ են իրենց կարծիքը յայտնելու, բայց եթէ քաղաքական ուժը որոշում տայ, ապա զայն կը կատարեն բոլորը: Անդրադառնալով արտաքսումի պատճառներուն` ան ըսաւ. «Որոշումներուն չենթարկուելու եւ հակակարգապահական արարք թոյլ տալու համար, այսինքն` չեղած բանի մասին սապոթաժ ստեղծել, կեղծ լուրեր տարածել, փորձել իրենց գործողութիւններով վարկաբեկել կուսակցութիւնը»:
Հրանդ Մարգարեան. «ՀՅԴ-ն Երբեք Չէ Ղեկավարուած Միանձնեայ, Ուր Մնաց Հանդուրժէ Ոեւէ Մէկուն Կողմէ Ստուերային Ղեկավարում»
«Թերթ»-ը հայաստանեան ներքաղաքական հարցերու շուրջ զրուցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին հետ, որ վերջերս ստեղծած էր «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութիւնը: Հրանդ Մարգարեան ըսած է, որ ՀՅԴ-ն երբեք չէ ղեկավարուած միանձնեայ: Ան նոյնիսկ աւելորդ կը նկատէ այն խօսակցութիւնները, որ ինք ստուերէն կը կառավարէ կուսակցութիւնը:
Սիմոն Սիմոնեան. «Այլակարծութիւնը Տեղ Ունի Կուսակցութեան Մէջ»
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախագահ Սիմոն Սիմոնեան հերքած է ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութենէն հեռացուած անդամներու յայտարարութիւնը` իբրեւ թէ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի հայաստանեան կոմիտէներու ժողովին որոշուած է «պարտիզանական հարուածներ» հասցնել Հայաստանի իշխանութեան:
«Այլակարծութիւնը տեղ ունի կուսակցութեան մէջ, սակայն կայ կուսակցական կարգապահութիւն, որմէ կարելի չէ շեղիլ», նշած է Սիմոն Սիմոնեան:
Աս իշխանութեան ամմէնէն մեծ գործը կուսակցութիւններուն իրարու ձգել է, կուսակցութիւններուն մէջ խնդիր հանել եւ միայն մենք ենք լաւը ըսել է, իրենցմէ առաջ կարծես թէ Հայաստանը զէրօ էր, հիմա իրենք Յիսուսի գործ պիտի ընեն: Մէկուն ըսածին մէկ բաժինը կառնեն եւ քեզի դէմ կը գործածեն: Հայաստանը ուր պիտի հասնի աս մարդոց ձեռքին մէջը մնալով: Իրենց լաւ աչքով կը նայէինք, որովհետեւ դրամ ուտողներուն կը հետապնդէին. հիմա իրենց մարդիկն ալ սկսած են դրամ ուտել, վարչապետն ալ պաշտօնական ձեւեր գտած է դրամ ուտելու: Վաղի եթէ Ալիէւը ասոնց աչքը լեցնէ, մեր հողերն ալ պիտի ծախեն՞