Խմբագրական
Վերջին Սուրբը…
Այս տարի հայ մամուլին եւ նոյն ակօսով իրականութեան անցուդարձերուն հետեւող մարդը ամէնէն աւելի տեսաւ Կոմիտասը, ամէնէն շատ լսեց Կոմիտասի մասին, իսկ նոյեմբեր ամսոյն ամէնուրեք ինքն էր եւ ի՛նքը, թերթերուն մէջ` Կոմիտաս, բեմերուն վրայ` Կոմիտաս, ամէն հոգիի մէջ, բոլոր շրթներուն` Կոմիտաս, կոմիտասեան երգ, յուշ, ցնծութիւն, հպարտութիւն:
Ու այս թոհուբոհին մէջ, դիտուեցաւ հարկաւ, որ մասնագէտները Կոմիտասի ցայտուն մէկ կողմին վրայ չեն ծանրանար: Բազմակողմանի էր հանճարեղ վարդապետը եւ կը համարուի երաժշտութեան բոլոր ճիւղաւորումներուն մէջ բացառիկ շնորհներ յայտնաբերած անկրկնելի դէմք մը` երաժիշտ, երգիչ, խմբավար, ուսուցիչ, հաւաքող, տեսաբան, եւ դեռ` դասախօս եւ երաժշտական առաքեալ, որ ընդամէնը տասնհինգ տարիներու ընթացքին յաջողեցաւ ծաւալել հայ երգին բազմերանգ հարստութիւնը` յուզումի, արցունքի, հիացումի եւ պաշտամունքի անօրինակ մակընթացութիւն մը ստեղծելով շուրջը:
Քսաներորդ դարու առաջին տասնամեակները իրենց հետ բերած փորձութիւններուն չափ, գուցէ փորձութիւններէն աւելի փառքեր շռայլեցին մեզի, որոնց կտակած գիւտին, ոճին, արութեան արարքներուն ու հայթայթած թթխմորին երախտապարտ կը մնայ ազգը: Այդ շրջանին էր, արդարեւ, որ մեր մէջ առաւելագոյն չափով մը յայտնուեցան հսկաները, գրական հսկաներ, յեղափոխական հսկաներ, եկեղեցական հսկաներ, հրապարակագրական հսկաներ, եւ ի՜նչ բախտ, որ բնութիւնը անոնց կարգին ընծայեց մեզի երաժշտական մարզի հսկաներու այս հսկան` Կոմիտասը, որ հազարամեայ թանձր վարագոյրներու ետին թաքնուած ցեղային գանձերուն յայտնութիւնը ըրաւ եւ նոր հազարամեակներ դիմագրաւելու անխորտակելի ժառանգութեան մը տէր դարձուց մեզ:
Տօնական այս օրերուն, Կոմիտասին նուիրուած համազգային այս պատարագին մէջ, գիտական վերլուծումներու եւ երախտագիտական զեղումներու այս խանդավառ հեղեղի քով անկշիռ չեն նաեւ հին ու նոր օտար երաժիշտներու եւ երաժշտական մեծանուն քննադատներու Կոմիտասի մասին բանաձեւած կարծիքները: Չտես չենք, բայց պէտք է ընդունինք նոյն ատեն, թէ օտարը կարծիք չի յայտներ, երբ մատուցուածը օտար՛ մնայ իրեն, հոգիին խորթ թուի դիմացինին յայտնագործած քանդակը, բանը, ձայնը: Ցեղին հոգիէն ցայտեցուցած Կոմիտասի ձայնը մեզ ողողելէ ետք յորդեցաւ մեր սահմաններէն եւ հասաւ հանուր մարդկութեան, որովհետեւ ինքնեկ էր, ինքնատիպ, անխարդախ, արեւմտեան եւ արեւելեան երաժշտութեան ազդեցութիւններէն զերծ, առանձնայատուկ` բովանդակ աշխարհին մէջ, «Օտարի շնչից զանազանաելի, այդքանով` նաեւ անհասանելի», պիտի ըսէր բանաստեղծը, օտարին թանկ գնահատածը այդ «զանազանելին» էր, որ Կոմիտասի տուած ուսանելի դասերէն ամէնէն տիրականն ու այժմէականը կը հանդիսանայ:
Ամբողջ Հայաստանն էր, է՛ Կոմիտասը, ամբողջ հայութիւնը, Հայաստանի բնութիւնը եւ հայութեան բնաւորութիւնը միաձուլուած ու դաշնաւորուած են անոր երգին մէջ յանկուցիչ հարազատութեամբ, պարզութեամբ, համագրաւ ուժով: Առաջին օրէն ողջ ազգը զգաց Կոմիտասը իր մէջ, ինքզինք զգաց Կոմիտասին մէջ, եղաւ անոր յափշտակուած ունկնդիրը եւ ծնրադիր կը պաշտէ զայն այսօր, վասնզի Կոմիտաս պաշտօնական սրբացումէն առաջ ժողովուրդի համարումին մէջ սրբացած դէմքն է, մեր վերջին սուրբը:
«Սիրտս Նման Է Էն Փլած Տներ»
… Վարդապետին բոլոր արժանիքներուն մէջ` տաղանդ, արուեստ, գիտութիւն, կամք եւ խանդավառութիւն, տիրական պիտի մնայ ոգին, այնքան վճիտ, խորունկ եւ ծաւալուն:
Ի՞նչ պիտի ըլլար արմատախիլ բազմութեանց հոգեկան պատկերը այսօր, եթէ վարդապետը դուրս ելած չըլլար Էջմիածինէն կամ Կովկասէն: Եթէ հանդիպած չըլլար Պոլիս, Բիւթանիա, Փոքր Ասիա, Եգիպտոս եւ այլուր:
Վարդապետին առաքելութեան չէ՞ք պարտիր` ինչ որ կը թրթռայ ձեր ականջին, կը սարսռայ ձեր շրթունքներուն վրայ մինչեւ այսօր: Ծովերէ ծով եւ ցամաքէ ցամաք:
Ի՞նչ ունէինք երբեմնի սուլթանախնամ ոստանին մէջ, Կոմիտասի գալուստէն առաջ:
Եւ, բոլոր երգերուն, ինչպէս երգիչներուն կամ երգչախումբերուն մէջ, ո՞րն էր այն բացառիկը, որ ամէնէն աւելի ոգի, խռովք, ուժ, արեւ եւ արցունք ցանեց սիրտերու մէջ, ծաւալեցաւ ու տեւեց. կը տեւէ՜ մինչեւ այսօր:
Երգեր շա՜տ էինք լսեր մինչեւ Կոմիտասի գալուստը: Ու կը լսենք մինչեւ այսօր:
Եւ սակայն ո՞ր կանչը, նոյնիսկ մրմունջը այնքան ուժգնօրէն ճեղքեց խաւարը` անզգալաբար լեցնելով անջրպետը, փարթամ այլ սնամէջ քաղաքները խոնարհեցնելով գիւղին առջեւ:
Վարդապետը յաղթեց, վարդապետը գերազանցեց, որովհետեւ իրեն հետ ունէր լեռն ու դաշտը, հովն ու արօրը, սէրն ու աշխատանքը, ժպիտն ու արեւը, վտակն ու «Կռունկ»-ը, խոյանք ու սարսուռ, ամբողջ ժողովուրդ մը իր հարազատ յոյզերով, փոթորիկներով, ուրախութեամբ եւ տրտմութեամբ:
Սիրտս նման է էն փլած տներ,
Կոտրեր է գերաններ, խախտեր է սներ…
Նոր Կոմիտասի մը կարօտն ունինք մենք այսօր` սնուցանելու համար մեր սիրտը, որ ահա կը փլչի, շատերու համար փլա՜ծ է արդէն «նման էն տներ»` հեռո՜ւ գիւղէն ու դաշտէն, աղօտ յիշատակի մը վերածելով հայրենի լեռն ու գետն ու գերանդին:
Կարօ՜տն ունինք խանդակաթ սրտի մը եւ հզօր արուեստի մը, որ կրկին ու կրկին պեղելով անսպառ ակունքը ժողովրդական երգին, քիչ մը շող, պուտ մը աւիշ հեղուր մեր հոգիներուն մէջ:
Ո՛չ մէկ ժողովուրդ այնքան խմորուած, նոյնացած է իր երգերուն հետ, որքան` այս հալածական բազմութիւնը:
Եւ ոչ մէկ ժողովրդական երգ այնքան հրաշագործ ազդակ մը եղած է ինքնապաշտպանութեան համար, որքան` հայկականը:
Կոմիտաս իրապէս ըմբռնեց այդ խորհուրդը, եւ ատով իսկ յեղափոխութիւն մը կատարած եղաւ, տիրական եւ ինքնուրոյն:
Մենք այդ յեղափոխութեան շարունակութիւնն է, որ կը սպասենք տարագիր երիտասարդութենէն` իր սաներէն, բոլոր երգչախումբերէն ու երգիչներէն:
Եթէ Անդրանիկի գործը կէս մնաց բռնօրէն, նոյն չքմեղանքը չունինք վարդապետի ժառանգութեան համար:
Որեւէ զանցառութիւն` պիտի նշանակէր երկրորդ անգամ թաղել վարդապետը:
Շ. ՄԻՍԱՔԵԱՆ
«ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԱՅՆ ԼԵԶՈՒՆ Է, ՈՐ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՀՈԳԻՆԵՐԸ ԱՌԱՆՑ ԹԱՐԳՄԱՆԻ ՈՒՂՂԱԿԻ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԸ ԴՆԷ. ԿԸ ԼՍԵՍ, ԲԱՅՑ ՉԵՍ ՏԵՍՆԵՐ, ԿԸ ՏԵՍՆԵՍ, ԲԱՅՑ ՉԵՍ ԿՐՆԱՐ ԲՌՆԵԼ, ԿԸ ԶԳԱՍ, ԲԱՅՑ ՉԵՍ ՀԱՍԿՆԱՐ…»:
«… ՄԻ՛ ԵՐԳԷՔ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ՄԷՋ. ԱՅԼ` ՁԵՐ ՏԱՆ ՄԷՋ… ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԳԱՑԷՔ, ՁԵՐ ՏՈՒՆԸ ՀՈՆ ՇԻՆԵՑԷՔ… ԱՄԷՆ ՄԱՐԴ ԻՐ ՏԱՆ ՄԷՋ ԱԶԱՏ Է, ԻՆՉՊԷՍ ԵՍ` ԻՄ ՏԱՆՍ ՄԷՋ…»:
***
«Ես տարիներու աշխատանքով շիներ եմ իմ ուղեգիծը, ուրկէ ընթացեր եմ մինչեւ ցարդ եւ պիտի ընթանամ ասկէ ետքն ալ, որքան ատեն որ ուժ զգամ երակներուս մէջ. ոչ մէկ խոչընդոտ չի կրնար կասեցնել զիս իմ առաքելութեանս մէջ, որուն նուիրականութեանը համոզուած եմ ես բոլոր սրտովս»:
***
«Շինականն այն կախարդ վարպետն է, որ կարդում է, հարազատօրէն բնութիւնը, ստեղծում է բազմաբեղուն մտքեր, նոցա փչում է իր հզօր ու պարզ շունչը, դրոշմում է իր բնաւորութեան էականով` ներքին ու արտաքին լրիւ կեանքով, եւ կնքում է բառերով ու եղանակով իր հարազատ զաւակը` գութաներգը»:
***
Երբ «Ցայգալոյսը» կարդացի, Զարդարեանը չպատկերացուցի բնաւ աչքերուս առջեւ, այլ` ամբողջ ազգ մը, ամբողջ ժողովուրդ մը` իր գեղեցկութեամբ եւ օրինական հպարտութեամբ: Այդ մատեանը գրքի մը տպաւորութիւնը չէր, որ թողուց վրաս, այլ կեանքի մը` իր բաբախումներով ու զգայնութեամբ:
Ան գաւառէն կու գայ, մեր հայրենի բնակավայրէն, որուն արեւը քաղցր է, ջուրը` անուշահամ, երկինքը` վճիտ եւ օդը կենսատու ու պայծառ, եւ որուն վրայ կը սաւառնի գեղեցկութիւնը: Շնչեցէք այդ գեղեցկութիւնները:
ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ
Հայ ժողովուրդը կոմիտասեան երգին մէջ գտաւ, ճանչցաւ իր հոգին, իր ոգեկան ինքնութիւնը: Կոմիտաս վարդապետ սկիզբ մըն է, որ վախճան չունի: Ան պիտի ապրի հայ ժողովուրդով, հայ ժողովուրդը պիտի ապրի իրմով, ինչպէս երէկ, ինչպէս այսօր, այնպէս ալ` յաւիտեան: Առանց Կոմիտաս վարդապետի` չկայ հարազատ հայ երաժշտութիւն: Ամէն հայ երգի մէջ գոնէ ճառագայթ մը պէտք է շողացնել Կոմիտաս վարդապետի հոգիէն:
Եւ մանաւանդ` ոչ իսկ յովտ մը պէտք է պակսեցնել կամ աւելցնել վարդապետի երաժշտութեան մէջ, որ «մէկ ձայնանիշի համար պատրաստ էր արիւն թափելու», ինչպէս ինք ըսած էր առիթով մը:
ՎԱԶԳԷՆ Ա.
Ծայրագոյն պատրիարք եւ
կաթողիկոս Ամենայն Հայոց
Դարեր ամբողջ հայ տոհմիկ երգերը ենթարկուած էին օտար ազդեցութիւններու եւ դարձած` գրեթէ անճանաչելի:
Հայ երաժշտութեան քրմապետը` Կոմիտաս վարդապետ, հաւաքեց այդ բոլորը, մշակեց զանոնք եւ երաժշտական ընտիր-ընտիր գոհարներու վերածելով, հրամցուց հայութեան` ձայնեղէն ալիքներու ընդմէջէն:
Կոմիտաս գտաւ Հայ Ձայնը, ինչպէս միւս վարդապետը` Ս. Մեսրոպ, Ե. դարու արշալոյսին գտած էր Հայ Գիրը: Գիրերու գիւտով Ս. Մեսրոպ ուզեց, որ հայերէն խօսի հայ ժողովուրդը իր Աստուծոյն հետ. իսկ Կոմիտաս Հայ Ձայնը գտնելով` ուզեց, որ հայերէն երգէ հայ ժողովուրդը:
Եւ արդարեւ, այդ Գիրով ու այդ Ձայնով ստեղծագործեց հայ ժողովուրդը, եւ կը շարունակէ տակաւին ստեղծագործել` մի՛շտ երգելով փառքը հազարագանձ հայ մշակոյթին:
ԽՈՐԷՆ Ա.
Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ