Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու – ուու շուի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան տարիքային (18 տարեկանէն վեր) բաժակի մրցաշարքը, Շեպիպէ Ռիատի Շիահ ակումբին դաշտին վրայ` մասնակցութեամբ աւելի քան 60 մարզիկներու:
Անոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները.
Պել Հորիզոն – Ատմա, Լիբանանի պետական անվտանգութիւն, Սանթրալ – Ճիւնի, Շաուլին – Պէյրութ, Շեպիպէ – Շիահ, Պատի Փաուըր – Ժիպէյլ, Մետնըս Ֆայթ Քլապ – Պէյրութ:
Լիբանանի պետական անվտանգութեան խումբը, ապահովելով 23 կէտ, տիրացաւ տիտղոսին:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Մետնըս Ֆայթ Քլապ (22 կէտ), իսկ երրորդ դիրքը` Շեպիպէ Շիահ (17 կէտ):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: