Անգլիական «Միրըր»-ի համաձայն, Արսենալ ամէն գնով աշխատանք կը տանի խումբին մարզիչ նշանակելու Տիեկօ Սիմէոնէն:
Աթլեթիքօ Մատրիտի մարզիչը այժմ իր ակումբին ղեկավարութեան վստահութիւնը չի վայելեր:
Արժանթինցի Սիմէոնէ, որ 2011-էն ի վեր խումբին մարզիչն է շատ հաւանաբար շուտով լքէ իր կազմը` 2019-2020 տարեշրջանը գէշ ձեւով սկսելուն պատճառով:
Ունայ Էմերիի հեռանալէն ետք, Արսենալի ժամանակաւոր մարզիչն է Ֆրետրիք Եունկպերկ: