Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 15-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, այսօր` ուրբաթ, 6 դեկտեմբերին տեղի կ՛ունենայ Ինթեր Միլան – Ա. Էս. Ռոմա մրցումը: Անիկա պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ինթեր այժմ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, մինչ Ա. Էս. Ռոմա կը գտնուի 5-րդ դիրքին վրայ:
Ա. Էս. Ռոմայի փորթուգալցի մարզիչ Փաուլօ Ֆոնսեքայի կողմէ այս մրցումին համար նկատի առնուած մարզիկներուն կարգին է նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: