Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը կը յայտարարէ, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է վերջ տան Ազրպէյճանի նկատմամբ նպաստաւոր առեւտրական վերաբերմունքին: Այս մասին կը հաղորդէ մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»-ը:
Յայտարարութիւնը ուղղուած է Միացեալ Նահանգներու առեւտրական ներկայացուցչութեան, որ կը զբաղի Միացեալ Նահանգներու առեւտրական օրէնսդրութեան մշակումով, առեւտրական համաձայնագիրներու կազմութեամբ եւ արտաքին առեւտրական քաղաքականութեան համակարգումով: Ներկայացուցչութիւնը մտադիր է 17 յունուար 2020-ին վերատեսութեան ենթարկել Պաքուի` Նպաստաւոր ընդհանրացուած համակարգի ծիրին մէջ իր արտադրութիւնները Միացեալ Նահանգներ արտածելու արտօնութեան ընդունելիութիւնը:
Նշեալ ծրագիրի ծիրին մէջ աշխարհի 119 երկիրներ առեւտրական ձեռնտու պայմաններով հազարաւոր ապրանքներ կ՛արտածեն Միացեալ Նահանգներ: Ծրագիրին մէջ ներառուած են նաեւ Հայաստանը, Վրաստանն ու Ազրպէյճանը:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Թերեզա Երիմեան իշխանութիւններուն ուղղուած նամակին մէջ բացատրած է, թէ Միացեալ Նահանգներ ինչո՛ւ պէտք է վերատեսութեան ենթարկեն Ազրպէյճանի նկատմամբ նպաստաւոր առեւտրական վերաբերմունքը: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին համաձայն, պատճառները հետեւեալներն են` Հայաստանը շրջափակելու նպատակով Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համաձայնութիւնը, Ազրպէյճանի կողմէ մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի արդարացումը եւ այդ երկրի իշխանութիւններուն կողմէ ցեղապաշտական քաղաքականութեան դրսեւորումն ու հայերուն մուտքի արտօնագիրներ չտրամադրելը: