Եւրօ – 2020. Պոսնիոյ Դէմ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Յաղթանակը` 4 – 2 Արդիւնքով
Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Ժ. խմբակին, արձանագրեց մրցաշարքի իր երրորդ յաղթանակը (3 պարտութեան կողքին), երբ 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Պոսնիան, 4-2 արդիւնքով:
Ցարդ ոչ մէկ հաւասարութիւն արձանագրած հայրենի կազմը այսպիսով ապահովեց իր 9-րդ կէտը` իր յոյսերը պահելով հասնելու երկրորդ դիրքին:
Հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին 3-րդ վայրկեանին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան նշանակեց հանդիպումին առաջին կոլը` իր փոխանցումը ստանալով Տիգրան Բարսեղեանէն:
13-րդ վայրկեանին Մխիթարեանի խմբակից (Ա.Էս.Ռոմայէն) Էտին Ծեքօ արդիւնքը հաւասարեցուց:
Բ. կիսախաղին Մխիթարեան տուպլէ մը իրագործեց, երբ այս անգամ իր փոխանցումը ստացաւ Յովհաննէս Համբարձումեանէն (66-րդ վայրկեանին):
Պոսնիացիներուն պատասխանը դարձեալ եղաւ արագ, երբ այս անգամ Ամեր Կոժաք նշանակեց իր կազմին հաւասարութեան կոլը (70-րդ):
77-րդ վայրկեանին Մխիթարեանի փոխանցումէն ետք, այս անգամ Հայաստանի երրորդ կոլը նշանակեց նոյնինքն Համբարձումեան:
Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+5-րդ) Մխիթարեանի հարուածէն ետք, սխալմամբ իր բերդին մէջ կոլ մը նշանակեց հիւր կազմին մարզիկներէն Սթյեփան Լոնքար:
Պոսնիոյ մարզիչն է անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Ռոպերթ Փրոսինեքի, իսկ Հայաստանի գլխաւոր մարզիչը` Արմէն Գիւլբուտաղեանց:
Հայաստանը իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ 12 հոկտեմբերին, երբ հիւրը կ՛ըլլայ Լիխթնշթայնի: Ապա յաջորդաբար Հայաստանի մնացեալ մրցակիցները պիտի ըլլան Ֆինլանտա (15 հոկտեմբեր), Յունաստան (15 նոյեմբեր) եւ Իտալիա (18 նոյեմբեր):