Ուքրանիան, Լեհաստանը եւ Միացեալ Նահանգները Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ ուժանիւթի ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին եռակողմ համաձայնագիր կնքած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Համաձայնագիրը ստորագրած են Ուքրանիոյ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալեքսանտր Տանիլիուք, Լեհաստանի կառավարութեան ուժանիւթային հարցերով լիազօր ներկայացուցիչ Փիոթր Նայիմսքի եւ Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարար Ռիք Փերի:
Ստորագրուած համաձայնագիրին հիմամբ, Լեհաստան կը պարտաւորուի 2021 թուականէն սկսեալ Ուքրանիոյ տարեկան շուրջ 6 միլիառ խորանարդ մեթր կազ մատակարարել: Ատիկա կարելի պիտի դառնայ, երբ աւարտին հասցուի շինարարութիւնը «Պալթիք Փայփ» կազի խողովակաշարին, որով նորվեկիական կազը Պալթեան ծովուն յատակով պիտի արտածուի Լեհաստան: