Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հովանաւորեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի հաշտութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Այն Թինէի մէջ: Խորհրդարանի նախագահին կողքին ներկայ էին ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ խորհրդական Ահմետ Պաալպաքի: Հըզպալլայի կողմէ ներկայ էին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական Հիւսէյն Խալիլ եւ Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա, իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան կողմէ` նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ նախկին երեսփոխան Ղազի Արիտի:
Աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւած տեսակցութեան աւարտին, որուն յաջորդեց պաշտօնական ընթրիք, Հիւսէյն Խալիլ շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանի նախագահ Պըրրիին այս հաշտութիւնը հովանաւորելուն համար` հիմնական նպատակ ունենալով լիբանանեան զանազան կողմերու միացումը` ի խնդիր հայրենիքին ծառայութեան: Պըրրի իր ուսերուն բեռցուց վերամիաւորել Հըզպալլայի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եղբայները, որոնք բաժնուած էին երկրին մէջ տիրող ճգնաժամին պատճառով: Ան աւելցուց, որ Պըրրի այս քայլը կատարեց, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմագրաւել երկրին արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրները: Համերաշխ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին կողմերը Նեպիհ Պըրրիին վստահեցան նախկինին տեղի ունեցած պառակտումներուն լուծումը եւ միասին հիմքը դրին գալիք օրերուն համագործակցութեան, նշեց Խալիլ:
Իր կարգին եւս, նախկին երեսփոխան Արիտի շնորհակալութիւն յայտնեց Պըրրիին` անոր կատարած բացառիկ ջանքերուն համար եւ ըսաւ, որ Պըրրի իր իմաստութեամբ ջանք կը թափէ պահել երկրին միասնութիւնն ու կայունութիւնը: Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ու Հըզպալլային, ինչպէս նաեւ Ամալ շարժումին միջեւ համագործակցութիւնը ունի իր անցեալը, որուն ընթացքին կարեւոր ձեռքբերումներ տեղի ունեցած են ի շահ երկրին, աւելցուց ան:
Հիւսէյն Խալիլ խօսք առաւ ու նշեց, որ նախկին բոլոր անհամաձայնութիւնները յանգեցան լուծումի` շնորհիւ Պըրրիին: