Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւնները` Անկախ Արցախի Հիմքը
Արցախի անկախութեան հռչակման տօնակատարութենէն ճիշդ շաբաթ մը ետք, սեպտեմբեր 9-ին պիտի կատարուին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները:
Սոսկ պարզ թուականներու զուգադիպութիւն մը չէ, որ կը պատահի, այլ արիւն հոսեցնելով ու նահատակներ տալով կերտուած անկախութեան մը արդիւնքներէն մէկն է տեղական ինքնակառավարման մարմիններու կառոյցը, որ բնականաբար պետութեան մը կառավարման համակարգին կարեւորագոյն եւ հիմնական սիւնն է:
Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները ունեցած են եւ դեռ ալ պիտի ունենան իրենց քաղաքական արժէքը: Պետութեան կեդրոնացեալ գործելաձեւը համեմատաբար լուսանցքային եւ երկրորդական դեր վստահած է ինքնին տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն: Կացութիւն մը եւ կրկնուող երեւոյթ մը, որ ժխտական պատկեր մը կը ստեղծէ եւ հարցադրումներու դուռ կը բանայ: Այս ընտրութիւնները պէտք է մէկ անգամ ընդմիշտ վերահաստատեն այս մարմիններու գործօն դերակատարութիւնը` ի խնդիր աւելի ամուր ու հաստատ ժողովրդավարական եւ ապակեդրոն մօտեցումով ղեկավարուող պետութեան մը կառուցման:
Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ճամբով գործելը շատ աւելի պարարտ ու արգասաբեր արդիւնքներու կրնայ յանգիլ: Կարճ ժամանակաշրջանի մէջ քաղաքական, տնտեսական, կրթական, ընկերային եւ մշակութային բնագաւառներէն ներս անկիւնադարձային եւ յիշատակելի բարեփոխումներ կրնան իրագործուիլ:
Անգամ մը եւս տեղին է մատը վէրքին վրայ դնել ու մատնանշել, որ ցաւօք, տարիներէ ի վեր, յետ 28-ամեայ անկախութիւն ունեցող Արցախի կառավարման համակարգը չափազանց կեդրոնացեալ ձեւով կը գործէ` չէզոքացնելով եւ մեկուսացնելով տեղական ինքնակառավարման մարմիններու գործունէութիւնը: Երեւոյթ մը, որուն դէմ շարունակ պայքարած է ՀՅ Դաշնակցութիւնը` միշտ ալ գերադասելով ապակեդրոն գործելաձեւը կեդրոնացեալէն եւ ինքնաբերաբար առաջնահերթ նկատելով տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն ներկայութիւնն ու հեղինակութիւնը:
Տեղական ինքնակառավարման մարմինները հիմնական դարմանն են առողջ ու թափանցիկ գործելաձեւին: ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ յատկապէս անոր Արցախի կառոյցը, որ խիտ շարքերով պիտի մասնակցի այս ընտրութիւններուն, կը հաւատայ «Զարգանալ` չզիջելով» հայեցակարգի այժմէականութեան եւ արտակարգ անհրաժեշտութեան: Այս 28-ամեայ հանրապետութիւնը միշտ ալ եղած է առանցքային եւ առաջնահերթ` ամրապնդելով Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքը, վերականգնելով տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ապահովելով ընկերային արդարութեան, մարդու իրաւունքներու պահպանութեան եւ օրէնքի գերակայութեան վրայ հիմնուած ներազգային համերաշխութիւնը:
Հուսկ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու թափանցիկ ու օրինակելի գործընթացն ու արդիւնքները պիտի սատարեն նմանօրինակ մթնոլորտով 2020-ի նախատեսուող նախագահի ընտրութեան: