ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Պիտի ուրախանաք ձեր ընկերներուն ներկայութեան եւ հաճելի պահեր պիտի անցընէք անոնց հետ: Առողջական անցողիկ խնդիր մը պիտի ունենաք: Աշխատեցէք ունենալ գոհունակ սիրտ եւ խաղաղ հոգի:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Մեծ դժուարութեան դիմաց պիտի գտնուիք, խոհեմ ու զգաստ եղէք: Ձեր միտքերը պիտի տարտղնուին այս շրջանին, եւ դուք ճնշուած պիտի զգաք որոշ ժամանակ: Համբերող եղէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Պիտի փափաքիք ճամբորդութիւն կատարել եւ նոր երկիր տեղափոխուիլ: Ձեր դիրքը ամրապնդելու համար ընկերութեան մէջ յաւելեալ ճիգ եւ ջանք պէտք է թափէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Պայմանները պիտի ստիպեն ձեզի, որ դուք ըլլաք ճկուն եւ դիւանագէտ` ձեր յարաբերութիւններուն մէջ: Զիջումներ պէտք է կատարէք, եթէ կ՛ուզէք ձեր դատը շահիլ: Ժամանակն է ձեր սխալները սրբագրելու:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Հեռու մնացէք ձեր թշնամիներէն եւ հակառակորդներէն: Ամբարտաւան մարդիկ կրնան ձեր օրը փճացնել, նախընտրելի է գործ չունենալ անոնց հետ: Փոփոխական տրամադրութիւն մը պիտի ունենաք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ծանր պատասխանատուութեան դիմաց պիտի գտնուիք: Դժուար ու յոգնեցուցիչ շրջան մըն է: Համբերեցէք եւ ձեր բոլոր հարցերը պիտի լուծուին:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Հանգիստ եւ ուրախ պահեր պիտի ապրիք ձեր հարազատներուն ներկայութեան: Համարձակ եղէք ձեր գաղափարները եւ միտքերը արտայայտելու մէջ: Չափաւոր եղէք ձեր ծախսերուն մէջ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր միտքերը մի՛ արտայայտէք, որպէսզի բախում չունենաք ուրիշներուն հետ: Անձնական եւ ընտանեկան պարտականութիւններու մէջ մի՛ թերանաք: Ամսուան խաղաղ օրերէն մէկն է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Պէտք է լաւ կեդրոնանաք ձեր գործին վրայ, որպէսզի սխալներ չսպրդին: Յարմար շրջան է` քննարկումներու եւ զրոյցներու մասնակցելու եւ ձեր տեսակէտը համարձակութեամբ արտայայտելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Առեւտրական գործարքի մը պիտի մասնակցիք եւ շահ պիտի ապահովէք: Խոհեմ եղէք ձեր ընկերային յարաբերութիւններուն մէջ: Անակնկալ նուէր մը պիտի ստանաք ձեր բարեկամէն:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր ամբողջ ճիգը կեդրոնացուցէք ձեր աշխատանքին վրայ, որպէսզի յաջողութիւն արձանագրէք եւ պաշտօնի բարձրացում ունենաք: Հոգ տարէք ձեր արտաքին կերպարանքին:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Հանգիստ եւ ապահով պիտի զգաք ձեր ընտանիքի անդամներուն կողքին: Ձեր ոչ բոլոր ծրագիրները պիտի յաջողին: Կտրուկ որոշումներ մի՛ տաք այս շրջանին, որպէսզի յուսախաբ չըլլաք: