Խմբագրական
Գիտակցական Հայութիւն
Ժամանակները փոխուած են ու անոնց հետ` կեանքի պայմաններն ու պահանջները: Եւ այս, բոլոր ժողովուրդներու կարգին, նաե՛ւ մեր ժողովուրդին, յատկապէս անոր այն հատուածին համար, որ, հայրենիքէն հեռու, կ՛ապրի օտար հորիզոններու տակ, որքան ալ` հոգեպէս կապուած անոր, բայց ենթակայ` ֆիզիքական հեռաւորութեան մը անպատեհութիւններուն:
Ինչ որ սովորական էր երէկ, ընթացիկ` մեր ժողովուրդին համար, այսօր, նոր պայմաններու եւ նոր վիճակներու մէջ, դադրած է այդպէս ըլլալէ կամ կը կարօտի աւելի գիտակից մօտեցումի մը նպաստին:
Մեր հայրերուն համար, անոնց, որ կ՛ապրէին հայրենի գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ, նաեւ` գաղթականութենէն անմիջապէս ետք, երբ այլեւս իրենց ոտքին տակ չէին զգար հայրենի հողին կենարար կռուանը, հայ մնալը, հակառակ անագորոյն թշնամիի մը բոլոր տեսակի հալածանքներուն, եւ հետագային` գաղթականի նկուն վիճակին, առանձին խնդիր մը չէր, այլ ենթակայ` կեանքի բնական օրէնքին: Մեր հայրերը ուրիշ ճամբայ չունէին, ընտրութեան հնարաւորութիւնը տրուած չէր իրենց: Հայ էին ու այսօր ալ հայ են, որովհետեւ ուրիշ չէին կրնար ըլլալ:
Այսօր, սակայն, տարբեր է կացութիւնը: Տարբեր է մանաւանդ նոր սերունդին համար, պատանութենէ հազիւ երիտասարդութեան սեմին ոտք դրած հայորդիներու, որոնց պարագային հայ մնալը, հայութեան ապրումներուն հաղորդակից դառնալը, իբրեւ հայ զգալն ու մտածելը այնքան ալ յստակ եւ դիւրին չեն, որքան` նախորդ սերունդներուն համար:
Այսօրուան երիտասարդը, եթէ հայ կը մնայ, եթէ հայութենէն չ՛ուզեր հեռանալ, եթէ իր ժողովուրդին ընդհանրական ապրումներուն հաղորդակից կը մնայ, կը մնա՛յ, որովհետեւ այդպէս որոշած է, այդպէս վճռած է, ինք ընտրած է իր ճամբան, բազմաթիւ այն ճամբաներուն մէջէն, որոնք կը տրամադրուին իր կարելիութիւններուն:
Այսօր, երբ դժուար է հայ մնալ, մանաւանդ` այն երկիրներուն մէջ, ուր ձուլումի հարթիչ գլանը կը գործէ, ուր օտար քաղաքակրթութիւններու հրապոյրը, որոշ բարդոյթներէ ձերբազատելու փորձութիւնը յաճախ անդիմադրելի կրնան ըլլալ, հայ երիտասարդը, երբ կ՛որոշէ հայ մնալ, հայ ապրիլ, իր մէջ խօսողը ազգային գիտակցութիւնն է, ընտրութեան իր իրաւունքը գործադրելու կամքը:
Այսօրուան երիտասարդին հայութիւնը աւելի, բոլորովին գիտակցական հայութիւն է` բաղդատած հայ մնալու եւ ապրելու այն ընթացիկ երեւոյթին հետ, որմէ օգտուած են մեր հայրերը, որոնք ընտրութեան միջոց չունէին, չէին կրնար հայ չըլլալ, մինչ դժբախտաբար, այսօր, հայ երիտասարդը կրնայ հայ չըլլալ, ու երբ է՛, երբ կ՛ուզէ հայութեան ծոցէն դուրս չգալ, լայն հնարաւորութիւններէ ինքզինք կամովին զրկելու անոր կամքը արժանի է բոլորովին այլ մօտեցումի, քան ինչ որ ընդհանրապէս ունի հին սերունդը, որ բնական ճամբով հայ մնացած է:
Անշուշտ այս խնդիրը երբեք պիտի չծագէր, եթէ հայութիւնը չ՛ապրէր այն անբնական պայմաններուն մէջ, որ վիճակուած է մեր ժողովուրդին, մասնաւորաբար` վերջին կէս դարու ընթացքին: Իրենց սեփական հողերուն վրայ ապրող եւ ստեղծագործող ժողովուրդներու մտածողութեան մէջ նման խնդիրներ գոյութիւն չունին: Ֆրանսացի են, անգլիացի են, գերման են, որովհետեւ ծնած են Ֆրանսա, Անգլիա կամ Գերմանիա, հոն ծնած ու ապրող իրենց ծնողներուն նման: Բայց մեր ժողովուրդին կէսին զաւակները ծնած են ու պիտի ծնին օտար ափերու վրայ, ու երբ հայ կը մնան, հայ պիտի մնան, իրենց որոշումով կ՛ըլլայ այդ, իրենց կամքով, գիտակցական ընտրութեամբ:
Ու քանի որ այդպէս է, հասկացողութեան յաւելեալ ճիգ մը կը պահանջուի մեզմէ` հանդէպ մեր երիտասարդութեան, որ հայութիւնը հետաքրքրող հարցերուն հանդէպ իր մօտեցումին մէջ, իր գիտակցական հայութենէն թելադրուող առողջ մտածումներուն եւ սովորութեան, կեանքի բնական ճամբով եկած մեր մտածումներուն միջեւ որոշ հակասութիւններ կը տեսնէ եւ ընդվզումներ կ՛ունենայ:
Որպէսզի քիչ մը դիւրացնենք մեր երիտասարդութեան ընտրութիւնը, մեզմէ միակ պահանջուածը այն է, որ փորձենք հասկնալ իրենց կարգ մը յանդգնութիւններն ու այն ատեն վստահաբար պիտի նկատենք, որ այդ յանդգնութիւնները մեր կեանքին բարեշրջման համար շատ աւելի բարերար ազդեցութիւն կրնան ունենալ, քան` մեր բոլոր համակերպութիւնները:
Փոխարէնը, սակայն, երիտասարդութենէն կ՛ակնկալուի, որ արդիւնաւորէ իր գիտակցական հայութիւնը, զայն դարձնէ ամուր պատուանդան մը` ի խնդիր մեր ժողովուրդի ապագային: