ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Մի՛ ուշանաք ձեր գործէն եւ մի՛ թերանաք ձեր պարտականութիւններուն մէջ: Պէտք չունիք կոշտ ու կոպիտ ոճ գործածելու ձեր շրջապատին հետ: Ճնշուած օրեր պիտի ապրիք, պատրաստ եղէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Իւրայատուկ փորձառութիւն մը պիտի ապրիք այս շրջանին: Կը փափաքիք ձեր դիրքը փոխել ու նոր պաշտօն ստանձնել ձեր գործին մէջ: Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք: Դրական շրջան մըն է, օգտուեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Պէտք ունիք մասնագէտներուն կարծիքը առնելու հարցի մը վերաբերեալ: Պէտք է ճիշդ ժամանակին աւարտէք ձեր պարտականութիւնները: Խտացուցէք ձեր հանդիպումները, որպէսզի ժամանակ շահիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր կամքը փորձութեան պիտի ենթարկուի: Դժուար պայմաններ պիտի դիմագրաւէք, բայց մի՛ յուսահատիք: Այս շրջանին ձեր միտքը տարտղնուած պիտի ըլլայ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեր պատասխանատուութիւնները պիտի բազմանան, եւ դուք բաւական ճնշում պիտի զգաք: Պէտք է ժամանակ տրամադրէք նաեւ ձեր ընտանիքի անդամներուն: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Պիտի հանգստանաք, որովհետեւ ձեզ մտահոգող հարցերէն մէկը անակնկալօրէն պիտի լուծուի: Բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ: Նիւթական կոկիկ գումար մը պիտի շահիք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Անձնական հարցեր պիտի ունենաք, եւ ձեր տրամադրութիւնը պիտի փոխուի: Ուրիշներէն զօրակցութիւն մի՛ սպասէք: Վստահեցէք միայն ձեր ուժին եւ կարողութեան: Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Արդինաւէտ հանդիպումներ պիտի ունենաք: Նոր ծրագիր մշակելէն առաջ լաւ սերտեցէք բոլոր պայմանները: Աշխուժ շրջան մըն է, օգտուեցէք առիթէն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք, որովհետեւ բախտէ զուրկ շրջան մըն է: Այս շրջանին մտազբաղ պիտի ըլլաք ձեր ունեցած պարտքին պատճառով: Համբերող եղէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Պիտի խանդավառուիք` նորութիւն մտցնելով ձեր կեանքին մէջ: Հինէն մնացած հարց մը պիտի լուծէք: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք եւ համարձակ քայլ մը պիտի առնէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր տեսակէտը պիտի բախի այլոց տեսակէտին հետ: Ձեր գործերը պիտի ուշանան, յամառութիւն պէտք չէ ընել: Մի՛ յուսահատիք, համբերեցէք, ու ձեր բոլոր գործերը պիտի կարգաւորուին:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Համարձակօրէն պիտի արտայայտէք ձեր կարծիքը: Հակասական զգացումներ պիտի պատեն ձեզ: Յարմար շրջան է` օգնութեան ձեռք երկարելու ձեր բարեկամին: