40 Հազար Հանդիսատեսներու Ներկայութեան. Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Կրեց 2-0 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը` Հիւսիսային Քորէայէն
Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը որ երէկ հիւրը եղաւ Հիւսիսային Քորէային, կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը` դաշտին տիրոջմէն:
Նշենք, որ Փիոնկեանկի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումը կ՛իյնայ Քաթար-2022-ի Մոնտիալին եւ Չինաստան 2023-ի Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Ը. խմբակին մէջ տեղի ունեցած այս ճակատումին ընթացքին, որուն ներկայ եղաւ 40 հազար հանդիսատես, մրցումին կոլերը նշանակեց Իլ Ճիուան Եոնկ` յաջորդաբար 7-րդ եւ 56-րդ վայրկեաններուն:
Հիւրընկալ կազմը աւելի լաւ ներկայացում մը ունեցաւ, քան Լիբանան:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական