Tuesday May 21, 2013

ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ. «ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ 2011-ԻՆ ԻՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔ ՉՏՈՒԻՆ»

By adminx - Fri Dec 30, 7:58 am

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով «Թրենտ» լրատուական գործակալութեան տրուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցութիւններուն շրջագիծին մէջ 2011 թուականին տեղի ունեցած հանդիպումները իրական արդիւնք չտուին:

Ըստ Մամետեարովի, պատճառը հայկական կողմին ապակառուցողական վերաբերմունքն է:

Ան յայտնեց, որ առանց բռնագրաւուած տարածքներէն հայկական զօրքերու դուրս բերման, տագնապի լուծման հարցին մէջ կարելի չէ որեւէ յառաջընթաց արձանագրել:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ տագնապի լուծման համար համագործակցութեան ի՞նչ ձեւեր եւ ուղիներ կը տեսնէ եւ արդեօք կարելի՞ է ներգրաւումը նոր կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու, որոնց շարքին` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, որուն ոչ մնայուն անդամ դարձաւ Ազրպէյճանը, Մամետեարով ընդգծեց, որ հակառակ տագնապի լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի բազմամեայ գործունէութեան` այդ տագնապը տակաւին անլոյծ կը մնայ: «Մենք 2012 թուականէն պիտի սկսինք մեծ գործունէութիւնը իբրեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ: Պէտք է նշել, որ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդին մէջ. որեւէ հարց, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը քննարկման ներկայացնելը պէտք է տեղի ունենայ Ապահովութեան խորհուրդի միւս անդամներուն հետ համաձայնաբար:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement