ԸՍՏ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆԻ ՄԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԷՆՔԸ ՄԻՆՉԵՒ ՄԱՐՏ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՉՔՆՆԱՐԿՈՒԻ
By adminx - Fri Dec 30, 7:56 am
Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միութիւն ժողովրդական շարժումի համար կուսակցութենէն ծերակուտական Ռոժէ Քարուչի նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող բանաձեւը ծերակոյտի օրակարգին վրայ ընդգրկուած չէ:
«Ծերակոյտին մէջ գործունէութեանս ընթացքին` մինչեւ փետրուարի սկիզբը, այդ բնագիրը ընդգրկուած չէ: Ծերակոյտի պալատներու նախագահներու ժողովը, որ դեկտեմբերին ծերակոյտին մէջ տեղի ունեցաւ, չէ ընդգրկած այդ բնագիրը մինչեւ յունուարի վերջ», յայտարարած է ան:
Ծերակուտականը յայտարարած է նաեւ, որ Միութիւն ժողովրդային շարժումի համար կուսակցութեան առաջարկած օրէնքը, որ Անգարան զայրացուց, խորհրդարանին կողմէ պիտի չընդունուի, եթէ մինչեւ յունուարի վերջը ծերակոյտի օրակարգին վրայ չընդգրկուի, որովհետեւ խորհրդարանը նախագահական ընտրական արշաւին պատճառով մինչեւ մարտի սկիզբը կը դադրեցնէ իր աշխատանքները:
Ծերակուտականը նաեւ ընդգծած է, որ նախագահներու ժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ 10 յունուարին, կրնայ նաեւ զայն ընդգրկելու մասին որոշում կայացնել:
«Նոյն ատեն, մենք մեր երկրին մէջ բազմաթիւ հայկական համայնքներ ունինք, որոնք յարգանքի իրաւունք ունին», աւելցուցած է ծերակուտականը:
«Թուրքերն ու Թուրքիան իրենք պէտք է առաջ շարժին: Ես կը հիանամ Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան: Այն ժամանակ, երբ Արեւմուտքի մէջ հաւատաքննութիւն կար, սուլթանները շատ մեծ հանդուրժողականութիւն ունեցած են», աւելցուցած է ծերակուտականը:






