ՊԸՐՐԻ ԱՊՈՒ ՖԱՈՒՐԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
By adminx - Fri Dec 30, 7:47 am
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը նախանձախնդիր է լիբանանեան ազգային շահերուն երաշխաւորման, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն միջեւ փոխըմբռնումին:
Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի ազգային երկխօսութեան վերսկսելու եւ իմաստութեամբ վարուելու:
Պըրրիի այցելեցին նաեւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժորժ Խուրի եւ Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի դեսպան Պութրոս Ասաքեր:
Խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ղեկավար խորհուրդը` գլխաւորութեամբ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի:
Հանդիպումին աւարտին զօր. Ռիֆի յուշանուէր մը յանձնեց Պըրրիի` Արաբ ոստիկանապետերու 35-րդ խորհրդաժողովին գումարումին առիթով:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըրի հետ եւ շնորհաւորեց զայն 800 մեթրի վրայ Լիթանիի ծրագիրի գործադրութեան համաձայնագիրը ստորագրելու առիթով: Պըրրի նկատել տուաւ, որ այդ համաձայնագիրին ստորագրութիւնը մեծ նուէր մըն է բոլոր լիբանանցիներուն:






