Sunday May 19, 2013

ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐՍԱԼԻ ՄԷԿ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

By adminx - Fri Dec 30, 7:45 am

Զօր. Քահուաժի` Արսալի պատուիրակութեան հետ հանդիպման պահուն

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Արսալ գիւղաքաղաքի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Արսալի քաղաքապետ Ալի Հուժէյրիի:

Զօր. Ժան Քահուաժի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը բոլոր քաղաքացիներուն հետ կը վարուի հաւասարութեան սկզբունքին հիման վրայ եւ կատարեալ չէզոքութեամբ` առանց ազդուելու երկրին մէջ տիրող քաղաքական իրադարձութիւններէն:

Ան ընդգծեց, որ լիբանանցիներուն շահերը կ՛ենթադրեն, որ Լիբանան զանց առնուի իր սահմաններուն վրայ արձանագրուող զարգացումներուն եւ յատկապէս ապահովական զարգացումներուն  ազդեցութիւններէն:

«Բանակը համոզուած է, որ ապահովութեան պահպանումը իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար առաջնահերթութիւն է եւ օր մը օրանց պէտք չէ տեղի տալ` անվտանգութիւնը պահպանելու իմաստով», ըսաւ զօր. Քահուաժի:

Բանակի հրամանատարը շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան` բանակին նկատմամբ անոր ունեցած վստահութեան համար, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է պաշտպանել Լիբանանը եւ անոր քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Պատուիրակութիւնը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին` Արսալի մէջ ապահովական արտակարգ միջոցառումներ որդեգրելու անոր նախաձեռնութեան համար:

Պատուիրակութեան անունով Հուժէյր շեշտեց, որ Արսալի բնակիչները կը զօրակցին բանակին եւ կը մերժեն որեւէ տեսակի ահաբեկչութիւն:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement