Wednesday May 22, 2013

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (30 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

By adminx - Fri Dec 30, 6:32 am

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԸ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ

(ՍԵՓԱԿԱՆ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի)

ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ.- Տեղւոյս Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ կառուցման բարդ աշխատանքները, գրեթէ իրենց լրումին հասած են: Ի պատիւ եւ ի պարծանս մեր կրօնասէր եւ եկեղեցասէր ազգայիններուն` կու գանք յայտնել, թէ եկեղեցւոյ կմախքը, իր ամբողջութեանը մէջ կերտուած է` շնորհիւ իրենց բարոյական ու նիւթական օժանդակութիւններուն:

Երկնասլաց մայր գմբէթին վրայ կանգնած է հայկական խաչը` քրիստոնէութեան զինանշանը, որ 2,50 մեթր բարձրութիւն ունի: Նոյնպէս զետեղուած է զանգակատան գմբէթի խաչը: Ու` շանթարգելը: Եկեղեցիին երկայնքն է 32 մեթր, բարձրութիւնը` 30, լայնքը` 18: Այս օրերուս զանգակն ալ կը դրուի իր տեղը: Եթէ օրերը գեղեցիկ ըլլան, իր անդրանիկ ղօղանջներով, ի փառս Ս. Ծննդեան, պիտի աւետէ ժողովուրդին, Ծնունդն ու Յայտնութիւնը Նոր Արքային:

Հայկական անգերազանցելի ոճով կառուցուած հիասքանչ կոթող մըն է նորակերտ եկեղեցին:

Եկեղեցւոյ կմախքի կառուցման աշխատանքները միայն` ցարդ արժած են 100,000 լիբանանեան ոսկիէն աւելի: Հետեւաբար դե՛ռ կը մնան խորաններու, պատուհաններու, դռներու, նստարաններու, ծեփի, իւղաներկի եւ սալայատակումի ամբողջական գործերը, որոնք դեռ բաւական մեծ գումարներու կը կարօտին:

Եկեղեցւոյ շինութեան յանձնախումբ, որուն արժանընտիր նախագահն է լիբանանահայ թեմի բարեջան առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան, եւ որ իրա՛ւ հայերու կողմէ եկեղեցաշէն կը կոչուի, իր պարտաւորութիւններուն լիովին գիտակ, առաջին օրէն իսկ սրտագինս լծուեցաւ եկեղեցւոյ շինութեան վեհ գործին: Այժմ ալ կազմակերպական աշխատանքները տենդագին յառաջ կը տարուին` այդ գործը իր կատարելութեան հասցնելու համար գարնան վերջաւորութեան, եթէ պայմանները թոյլատրեն:

Այս նպատակով, քանի մը օրեր առաջ տեղս ժամանեցին Խորէն սրբազանն ու պետական երեսփոխան` Մովսէս Տէր Գալուստեան: Վեց օր, իրարու վրայ, եկան այնճար: Այնճար, Ճեպել Մուսայի վեց գիւղերու անունով բաժնուած է վեց թաղերու, զուտ հայաբնակ: Ամէն իրիկուն կանչեցին մէկ թաղի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ զաւակները ու ձեռնարկեցին երկրորդ հանգանակութեան: Հանգանակութիւնը, որ դեռ կը շարունակուի ու պիտի շարունակուի, առաջին հանգանակութեան պէս արդիւնաւորուեցաւ մեր սպասածէն աւելիով:

Ողջ լինի հայ ժողովուրդը: Միշտ կու տայ, հայու սրտով կու տայ, ազգապահպանման գործին սատարելու համար:

Հետեւաբար, կրկին անգամ կոչ կ՛ընենք բոլոր հայ ազգայիններուն անխտիր, որ իրենց բարոյական ու նիւթական օժանդակութիւնները ընծայեն մեզի` սկսուած այս աստուածահաճոյ գործը ի կատար ածելու համար: Նետեցէք ձեր լումաները Այնճարի եկեղեցւոյ շինութեան գանձանակին մէջ` յաւիտենականութեան անցած ձեր սիրելիներու հոգիներու լուսաւորութեան եւ ողջերու արեւշատութեան համար…

ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ.- Ազգային վարժարանը հիմնուած է «Յառաջ» օրաթերթին հանգանակած գումարներով ու կոչուած` Ազգային «Յառաջ» վարժարան: Վերածուած է բարձրագոյն նախակրթարանի: Ունի ուսուցչական զօրաւոր կազմ: Աշակերտութեան թիւը 300-էն վեր է, մանկապարտէզով: Տնօրէնն է Նարեկ քհնյ. Շրիգեան: Կ՛աւանդուին չորս լեզուներ: Հայեցի դաստիարակութեան մեծապէս զարկ կը տրուի: Այս տարի ունեցանք Ը. դասարան: Եկող տարի կ՛ունենանք Թ. դասարան: Յառաջիկային զայն բարձրագոյն վարժարանի վերածելու մասին այժմէն իսկ հարկ եղած ծրագիրները կը մշակուին թաղականութեան եւ հոգաբարձութեան կողմէ:

Կրթական այս տարեշրջանին, վարժարանին կից կառուցուեցան չորս նոր դասարաններ առ ի նախատեսութիւն ապագային որդեգրուելիք ծրագիրներու իրագործման:

Յ. Գ. ՊՈՒՐՍԱԼԵԱՆ

ԱՐՓԻՆԷ ՓԵՀԼԻՎԱՆԵԱՆԻ
ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍԸ

Անցնող երեքշաբթի գիշեր երաժշտասէր հասարակութիւն մը եկած էր «Կիւլպենկեան» սրահը` լսելու համար Արփինէ Փեհլիվանեանը, որ արդէն հանրածանօթ անուն մըն է:

Ուրիշ անգամներ ալ առիթը ունեցած եմ, այս իսկ սիւնակներէն, իմ գնահատանքի խօսքը ըսելու իր արուեստին մասին:

Արփինէ Փեհլիվանեանի մէջ երգչուհիէն եւ դաշնակահարուհիէն առաջ կայ իրաւ արուեստագիտուհին: Ան իւրայատուկ քնքշութեամբ եւ ճաշակով կը մեկնաբանէ բոլոր երգերը` տալով անոնց իր հոգիէն, իր էութենէն բան մը, որ կարելի չէ բացատրել: Ահա թէ ինչո՛ւ զինք լսելով` միշտ նոյն երաժշտական հաճոյքը կ՛ունենանք:

Փեհլիվանեան չունի թէեւ ուժեղ ձայն (որը անհրաժեշտ չէ գեղեցիկ երգելու համար), բայց կատարելապէս տիրապետելով երգելու թեքնիքին` գիտէ տեղին համեմատ ծաւալ տալ իր ձայնին, առանց բան մը կորսնցնելու որակէն: Ան ունի յստակ առոգանութիւն, երգին բառերը հատիկ-հատիկ կարելի է հասկնալ:

Յայտագիրը կը բաղկանար հայկական եւ եւրոպական երգերէ: Առանց մանրամասնութեանց մէջ մտնելու` կարելի է վեր հանել Ալէմշահի «Նազեր»ը, Հ. Պէրպէրեանի «Կ՛անձրեւէ տղաս»ը, Ա. Խաչատուրեանի «Կարմիր գինին», իսկ եւրոպական երգերէն` մասնաւորապէս Մոցարթի «Ա՜, քէ տել միօ թորմենթօ»ն եւ «Ռոսսինիի «Թիրոլեզ»ը:

Պօղոս Ճելալեանի մեղմ եւ գողտրիկ ընկերակցութիւնը տուաւ ճիշդ մթնոլորտը:

Ներկայ հասարակութիւնը ծափերով եւ ծաղիկներով բերաւ իր գնահատանքի բաժինը այս գեղեցիկ երաժշտական երեկոյթին:

Օ. ՍԻՒՐՄԷԼԵԱՆ

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement