ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ 2011-Ի ԻՐ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՆԻՍՏԸ
By adminx - Thu Dec 29, 7:44 am
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան գումարած նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան աշխատանքի ընթացքը եւ լիբանանեան հողերէն Սուրիա ներթափանցած Քայիտայի անդամներուն թղթածրարը:
2011-ի եզրափակիչ նիստը գումարող նախարարները նիստէն ետք դարձան հանրապետութեան նախագահին ճաշի հիւրերը:
Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը ստանձնած է Սուրիա ներթափանցած Քայիտայի անդամներուն թղթածրարը եւ այսօր առաւօտեան իսկ նիստ մը պիտի գումարէ այդ իմաստով:
Տաուք նկատել տուաւ, որ Ղոսըն կառավարութեան նիստին ընթացքին ներկայացուցած է իր տեղեկութիւնները` աւելցնելով, որ այդ հարցին մանրամասնութիւնները քաղաքական են, սակայն ներկայիս անոնց քննարկումը բացայայտ կերպով կը կատարուի:
Տաուք յայտնեց, որ նախագահ Սլէյման նիստին ընթացքին նշած է, որ կառավարութիւնը գումարած է 34 նիստ, որոնց ընթացքին տուած է 1851 որոշում, իսկ 25 օրինագիծեր փոխանցած են խորհրդարան:
Տաուք յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին շեշտած է շրջանին մէջ հիմնական փոփոխութիւններ յառաջացնող կարեւոր միջադէպերը:
«Միքաթի շեշտեց, որ Սուրիոյ ներքին հարցերէն ինքզինք զերծ կացուցելու Լիբանանի կեցուածքը առողջ կեցուածք մըն է», ըսաւ Տաուք:
Վարչապետ Միքաթի ընդգծած է յառաջիկայ տարուան ընթացքին կառավարութեան գործունէութեան շարունակութիւնը:
Նշենք, որ կառավարութեան յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ վարչապետարանին մէջ` 4 յունուարին, իսկ նախագահական պալատին մէջ` 10 յունուարին:





