Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Իսմայիլ Չիչեքլի յայտնեց, որ 40 հազար սուրիացի գաղթականներ Պոլիսէն վտարուած են դէպի Թուրքիոյ այլ նահանգներու մէջ գտնուող գաղթակայաններ:
«Պոլսոյ մէջ չարձանագրուած 4606 սուրիացիներ ուղարկուեցան գաղթակայաններ, իսկ թրքական այլ նահանգներու մէջ արձանագրուած 35 հազար սուրիացիներ Պոլիսէն վտարուեցան Թուրքիոյ մէջ իրենց արձանագրուած վայրեր», նշեց Չիչեքլի:
Ան նաեւ ըսաւ, որ 1305 սուրիացի գաղթականներ կամաւորաբար հեռացած են Պոլիսէն եւ ուղղուած Սուրիա: